Читать книгу: «Թորոս Լեւոնի», страница 13

Шрифт:

ԳԼՈՒԽ ԻԴ ԿԻՌ ՄԱՆՈՒԷԼ ԿԱՅՍՐԸ

Թորոս լաւ խելամուտ էր, թէ խաղաղութիւն միայն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն մը կրնար Ռուբինեանց աթոռը ամրացնել եւ Կիլիկիա ապաստանարան ընել հայ ազգութեան. ուստի, երբ ամէն բան կարգադրեց, ջանաց նաեւ ուսմունքը տարածել իր երկրին մէջ. ուստի վանքերը շատցուց, վասնզի նոքա միայն էին այն ժամանակը` միջոց գիտութեանց ծաւալման. ո՛վ կուզեր ուսանիլ` վանք մը կը դիմէր, վասնզի ուսումնարան եւ վանք այն ատեն միեւնոյն նշանակութիւնն ունէին, ոչ միայն յարեւելս, այլեւ յարեւմուտս:

Թէպէտ սիրտը դառնութեամբ լեցուն կնոջը մահուան, Մլեհ եղբօրը յիմար ձեռնարկութեանց համար, բայց դարձեալ Թորոս անհողդողդ բնաւորութեան տէր` բարեկարգութեանց կ'աշխատէր, ամէն իր այցելութիւնքը կ'ընէր երկիրը բարւոք վիճակի մէջ պահելու համար: Եւ երբ յոգնած` փախստեան տեղ մը փնտրեր, կ'երթար կը քաշուէր Տարսոն իր սեւ մաղձին քաղաքը, այն սենեկին մէջ, այն անկողնին քով ժամեր, օրեր կ'անցնէր, անցեալին վրայ տխուր խորհրդածելով: Ահա ճիշտ նոյն օրերուն մէկն էր, երբ յանկարծ լատին ուխտաւոր մը իրեն ներկայացաւ գոյժ տալով, թէ Մանուէլ կայսրը ընտիր զօրաց խմբով մը իր վրայ կ'ուգար:

Թորոս` թէպէտ անվեհեր, քաջ մարդ էր եւ բոլոր իր պատմութիւնն ալ կը վկայէ, բայց անխախտ սկզբունքներ ալ ունէր, պատերազմի բախտը վտանգի չի դնել երբ կարելի էր առանց իր զօրաց կորուստին թշնամին վտանգել, մաշել, տկարացնել եւ սովամահ ընել կը նախադասեր, եւ աս որ համար ալ տաքգլուխ երիտասարդ զօրավարին, որոնց առաջինն էին Մլեհ եւ Ստեփանէ` զիոքը կը բամբասէին, դարձեալ երբ կարելի էր բանագնացութեամբ եւ քիչ վնասով եւ ի հարկին խոնարհական ցոյցերով խաղաղութիւնը ծախու առնուլ եւ վտանգը հեռացնել աւելի կ'ընտրէր, քան թէ իր ազգին եւ իր անձին բախտը կորստեան վիհը գահավիժելու վիճակի մէջ ձգել:

Իսկ այս անգամ առանց շփոթելու այլայլեցաւ, նախ` ինք, որ միշտ իր թշնամեաց ամէն շարժմունքը կ'իմանար, այս անգամ թշնամուոյն ձեռք իյնալու վտանգին մէջ էր, պատճառը չէր կրնար մեկնել, վասնզի իր Կոստանդնուպոլսոյ լրտեսը, որ կայսեր լուրը իրեն կը հասցնէր` դիպուածով մը արգիլուած էր իմացնելեն: Երկրորդ` կայսրը շատ զգուշութեամբ վարուեցաւ իր արշաւանաց մէջ եւ փոքր գնդով մը իր վրայ կ'ուգար, եւ Թորոս այս չէր կրնար երեւակայել: Ուստի այն դրութիւնը գործածել մտածեց, որ Մաղսուտ սուլթանին դէմ ալ գործածէր էր քանի մը տարի առաջ յաջողութեամբ:

Բայց դժբախտաբար չէր պատրաստէր ժողովուրդը, ժամանակ չի կար ամէն բան աւրշտելու եւ լեռները քաշուելու. բայց պէտք էր շարժիլ, ուստի թողուց Տարսոն եւ ամէն տեղ հրամաններ ղրկեց, որ լեռները ամրանան. Մարգրիտ իր զաւկներով հրաման ընդունեց քաշուիլ լեռանց ամրութիւնքը. Թոռնիկ միայն խնդրեց Թորոսեն մնալ եւ պաշտպան ել զմամեստիայ: Իսկ ինք զօրօք կը հասնէր, կը քաջալերէր ժողովուրդքը, կը հասկցնէր թէ փոթորիկը կ'անցնի եւ երկար չի կրնար տեւել: Ամսուան մը ժամանակի մէջ մարդ եւ կենդանի Տորոսի լեռները կը ծածկէին, երբ յունաց բանակն ալ դաշտավայրը կը ծածկէր: Տարսոն, Ատանա, Անարզաբայ, քիչ ժամանակի մէջ թշնամուոյն ձեռք անցան. իսկ Մամեստիայ կայսրն ինք անձամբ պաշարեց, ձմեռ մը ու ամառ մը աշխատեցաւ մինչեւ կրցաւ առնել Թոռնկայ ձեռքեն, որ դիմադրութիւնը, երբ անկարելի գտաւ, չուանով պարիսպներէն իջաւ գիշերանց եւ գետին մէջեն երկար տեղ լողալով ազատեցաւ թշնամեաց ձեռքեն եւ հասաւ զտաւ Թորոսի խումբերը Սեւ լեռներուն մէջ: Երբ զթոռնիկ տեսաւ իշխանը` «Հա՛հ, – ըսաւ, – իրենց վերջի ընելիքն ալ ըրին յոյնք եւ իրենց դաշնակիցքը. ա՛լ թէ որ կ'ուզեն, թող գան զմեզ հոս գտնելու»: Եւ իրօք կայսեր դաշնակիցքը կը շատնային. լատինք` Երուսաղէմի թագաւօրէն սկսեալ, որ նոր փեսայ ալ եղած էր կայսեր, տաճարականաց մեծաւօրէն սկսեալ իրենց բոլոր պարոններով, բրինձներով եւ կոմսերով կը լցուէին, կը խռնէին յունաց կայսեր բանակը, որ Մամեստիայ արքունիք ըրած էր իրեն. հոն ահա նոր տեսարան մը վատութեան` սիրտ ունեցող ամէն մարդ քստմնեցուց. վասնզի ի տես ամենեցուն «Ներկայացաւ Անտիոքայ իշխանն Ռընալտ վատ եւ խղճալի կերպարանոք. վասնզի ոչ միայն յունաց առջեւ յանցաւոր էր, այլեւ իր քաղաքացուոց եւ անոնց պատրիարքին, զօր անարգանոք չարչարէր էր, եկեղեցուոյ սպասները կողոպտելու համար, ուստի հիմա անճար եւ անյոյս ճգնաւորի զգեստ հագած, գլխիբաց եւ բոբիկ, վիզը չուան ձգած, ինքզինք մահապարտ վճռած բոլոր Մամեստիոյ մէջ պտըտելեն ետեւ, եկաւ ընկաւ կայսեր ոտքը, մերկ սուր մը մատուցանելով անոր, իբր թէ թոյլ կ'ուտար, որ ըստ արժանուոյն գլուխը կտրուի. գունդ մը կրօնաւորաց ալ նոյնպէս գլխիբաց եւ բոբիկ ի ծունկ ընկած կայսեր գթութեան կ'ապաւինէին: Բաւական սեպեց նա այսքան խայտառակութիւնը եւ թողութիւն տուաւ, պահանջելով, որ անտիոքացիք ընդունին յոյն պատրիարք մ՚ալ եւ երբ կայսրըն ուզէ` խաւրեն գունդ մը օգնական զօրաց»:

Իսկ կայսրը ժողով կ'ընէր զօրականաց եւ իշխանաց, որ զթորոս նուաճեն եւ շուտով վասնզի բանակն արդէն նեղն էր ի կերակրոյ, կենդանիք` սովոյ եւ ի հիւանդութեանց կը հատնէին, ուստի ժամ մը առաջ պէտք էր այս աներեւոյթ ապստամբը նուաճել: Հոն, որոնք որ փորձը առած էին Տորոսի եւ անոր բնակչաց դժուարութեանց, հասկցուցին կայսեր թէ շատ դժուար եւ վտանգաւոր էր այդ լեռներուն մէջ պատերազմիլ արթուն թշնամուոյ մը հետ, որ իրենց կը սպասէր, եւ թէ ընդհակառակն շատ դիւրին էր ի հնազանդութիւն բերել զթորոս, երբ բանաւոր եւ պատուաւոր դաշինքներ իրեն առաջարկէին, եւ Երուսաղէմի թագաւորն (Պալտուին Գ.) յանձնառու եղաւ բանագնացութեան մտնել իշխանին հետ:

Ուստի թագաւորն ինք անձամբ ի խնդիր ելաւ Թորոսի, եւ կայսեր պայմանները կ'առաջարկէր, որոնց ամենեն ծանրը անձամբ ներկայանալն էր ի Մամեստիայ ի հնազանդութիւն կայսեր, եւ անոր փոխարէն կայսրը զինք կ'ընդունէր իբրեւ իշխան կուսակալ Կիլիկիոյ, միմիայն Անարզաբայ պահելով իրեն: Յանձն առաւ Թորոս եւ եկաւ Մամեստիայ իշխանաբար` ոչ իբրեւ Ռընալտ, եւ այնպէս ներկայացաւ կայսեր, որ ցուրտ ընդունելութիւն մ՚ըրաւ իրեն, անշուշտ յիշելով Կոստանդնուպոլսոյ կալանաւորը: Բայց կէս ճամփան մնացող մարդ չէր Թորոս, յանկարծ իմացան օր մը բանակը թէ հայը թողէր գնացեր է, եւ երբ այս գործողութիւնը ոմանք չարագուշակ կը մեկնէին` տեսան թէ հայը ցորենոք արջառօք եւ ոչխարոք լեցուց բանակը, եւ գրաստի ու ձիան նուազութեան առատութիւն յաջորդեց: Արդէն կայսրը իր իմաստուն եւ կորովի կերպին հաւնած էր, իսկ այս վերջին գործողութեամբ բոլորովին իրեն յարեցաւ եւ անուանեց գնա Պանսեփաստոս եւ ոսկեկնիք հրովարտակաւ իշխանութեան մէջ հաստատեց:

Անկից վերջը Մանուէլ կայսրը ելաւ բանակաւը ի Կիլիկիա եւ մտաւ հանտիոք եւ անկից Հալէպու վրայ արշաւելու ելաւ ընդդէմ Նորետտինի, բոլոր այն կողմի քրիստոնէից յոյս տալով զիրենք ազատելու ի մահմեդականաց: Բայց դանդաղութիւնք, դեգերմունք, թպնագնացութիւնք, թոյլ պատերազմունք յայտնի կ'ընէին թէ Բիւզանդական կայսրութիւնը ուրիշ դիտաւորութիւն չունէր, այլ եթէ «Բաժանել զամենքը տիրելու համար»: Երբ բանակը Հալէպու «մօտեցաւ, սուրհանդակ մը հասաւ կայսեր ի Կոստանդնուպոլսոյ, որ զինք արտորնօք հետ կը կոչեր, ուստի առանց միտ դնելու Երուսաղէմի թագաւորին եւ քրիստոնեայ իշխանաց աղաչանաց, որ երեք օր գոնէ ուշացնել կը խնդրէին յետադարձը` խաղաղութեան դաշինք կնքեց սուլթանին հետ եւ ետ դառնալու հրաման տուաւ բանակին: Ամէնքը մեծ տխրութեամբ պաշարուեցան, բայց անոնք միայն, որ Բիւզանդական կայսրութեան քաղաքագիտութեան տեղեակ չէին կամ անոր դաւաճանութիւնքը յիշելու չափ խելք չունէին: Ուստի, երբ կայսեր բանակը Կիլիկիա հասաւ եւ Անարզաբայ մօտեցաւ, Թորոս, որ յիշողութիւն ունէր եւ գիտէր թէ մինչեւ ուր կրնայ հասնիլ յունական հաւատարմութիւնը, յանկարծ իր զօրքերը առաւ եւ Վահկայ քաշուեցաւ, Կայսրն ալ իր ճամփան շարունակեց եւ գնաց, զօրաց մէկ մասը ճամփաները ցանելով:

Ինչպէս զրուցէր էր Թորոս իր ժողովրդեան եւ իր զօրաց, փոթորիկն անցաւ անհետացաւ կայսեր հետ, թէպէտ երկու տարուոյ ժամանակ ծանրացաւ Կիլիկիոյ վրայ. խաղաղութիւն եկաւ ժողովրդեան, եւ դաշտավայրն բոլոր ծածկեցաւ հասկերոք, որթն ծանրացաւ ողկուզոք, ուրախութեան ձայներ սկսան դարձեալ լսուիի եւ հայոց իշխանը, որ խաղաղութիւնը կը սիրէր` վասնզի գիտէր ժողովրդեան օգտակարը, դաշինքները կը յարգէր, վասնզի անոնցմով միայն կարելի է տէրութեանց սահմանները ապահովել, շարունակ իր Ստեփանէ եղբօր հետ վէճի առիթ կ'ունենար, եւ այս իրեն սրտին ցաւ էր:

Այս քաջ, բայց անխոհեմ եղբայրը շարունակ միտքը դրած առանձին իրեն իշխանութիւն մը հաստատել, Քեսնոյ եւ Մարաշու կողմերը յարձակմունքներ կ'ընէր եւ միշտ գանգատներու առիթներ կ'ուտար, իրեն պէս թեթեւամիտ եկեղեցականաց խորհրդոց լսելով ոչ միայն դաշանց, այլեւ երդմանց կը դրժէր: Եւ այսպէս առիթ եղաւ անգամ մը պատերազմի ի մէջ Թորոսի եւ Նուրետտինի, եւ երբ Թորոս հաշտութիւն խօսեցաւ Նուրետտինի հետ Ստեփանէի կամաց դէմ, սկսաւ եղբօրը դէմ մեքենայել, որով իշխանը պարտաւորեցաւ բանտել զնայ առ ժամանակ մի եւ վերջը արձկել եւ դարձեալ իբրեւ եղբօր հետը վարուիլ, համոզելով զինքը թէ այդ ճամփով չէր, որ իշխանութիւն մը կը կազմուէր: Եւ իր օրինակը ցոյց կ'ուտար թէ ինչպէ՛ս իրեն դիւրին էր զհոյները հալածել ի Կիլիկիա, բայց ինքն կուզեր յարգել դաշինքները եւ առժամանակեայ իշխանութեան հետք մը թողուլ յունաց ի գոյութիւն, քանի որ առիթ չէին տար իրեն դժգոհութեան եւ դաշինքներն լուծելու:

Բայց անխոհեմ բնաւորութիւնք ոչ բարեկամութեան եւ ոչ թշնամութեան մէջ չափ չունին եւ կշիռ: Ստեփանէ յունաց հետ ընտանութիւնը շատցուց եւ մտերմաբար սկսաւ կապուիլ Անդրոնիկոս Եւփոպենի հետ, որ կայսեր ազգական եւ տեղակալն էր ի Կիլիկիա, եւ որ ճաշի հրաւիրելով զստեփանէ, Համուս բերդը եռացեալ ջրոյ կաթսայի մը մէջ զինքն սպաննել տուաւ: Այս անգութ մահուան լուրը, երբ տարածուեցաւ Կիլիկիա, բարկութեան եւ վրէժխնդրութեան կրակը բորբոքեցաւ, եւ Թորոս, որ իւր զօրօք յունաց վրայ կը քայլեր, յանկարծ իր քովը տեսաւ քինաւորեալ Մլեհն, որ խումբ մը կատաղի զօրօք մէջտեղ ելել էր եղբօրը մահուան վրէժը լուծելու: Յունաց կոտորածը սաստիկ եղաւ, տասը հազար հոգի կոտորուեցաւ, կ'ըսեն պատմիչք, Անարզաբան եւ դեռ ինչ բերդ եւ ամրոց, որ մնացեր էին Կիլիկիա, ամէնն ալ առնուեցան իրենցմէ, եւ ջարդը դեռ պիտի շարունակէր, թէ որ Երուսաղէմի թագաւորը միջնորդ չլինէր դադարեցնելու համար այս անգութ կոտորածը:

Իսկ Ստեփանէի մարմինը տարին եղբարքը եւ թաղերին հարքայազնի վանքը, եւ անմխիթար տիկինն Մարգրիտ` գնաց քաշուեցաւ ի Պապեռոն իր եղբօր բերդը իր զաւակոք:

ԳԼՈՒԽ ԻԵ ԼԱՄԲՐՈՆԻ ՀԱՐՍԸ

Թորոս Եւփիմէի վերջին կամքը կատարելու մտադիր էր միշտ, Հեթում, որ իր աչքին առջեւ կը մեծնար` յարմար փեսայ մը կ'երեւէր. հայ գիտնական վարդապետ մը եւ յոյն ուսումնական մարդ մը կ'աշխատէին գլուխը հարստացնելու գիտութեամբ, եւ զինավարժութեան համար Բարձրբերդի Կոստանդինն էր կարգեալ յիշխանեն զինք մարզելու: Իսկ ինք Թորոս կը խոսէր երբեմն հետը, զանազան նիւթերու համար հարցմունքներ կ'ընէր, եւ առանց իր սխալ կարծիքները ուղղելու` իմաստուն հարցմունքներով տղուն իրեն ուղղել կ'ուտար նոյն սխալները: Բայց դժբախտաբար կը տեսնէր թէ ընտանեկան հոգին, որ յունական էր` խոր արմատ ձգած էր դարձեալ նորա սրտին մէջ, դաստիարակութիւն եւ ուղղախոհութեան զօրութիւն հազիւ կրնային հակակշիռ մը կազմել այն կաթին հետ շամբեալ գաղափարաց հետ, որք Լամբրոնի իշխանքը ազգային շրջան են դուրս կը հանէին եւ յունական համակրութեանս կողմն կը ձգէին:

Միւս կողմեն Գոհար թէպէտ փոքր բայց ինչպէս դիտուած է, որ աղջկունք կանխահաս են մտաց կարողութիւններով, ամենեւին ետ չէր մնար Հեթումեն, եւ բնական բերմունքով հետաքրքիր բնաւորութիւնը շարունակ հարցմունքներով գոհ ընել կուզեր: Եւ որ զարմանալին է, հօրը պատասխանները զինք աւելի գոհ կ'ընէին, երբ իր վարժապետաց պատասխանները մութ էին իրեն համար: Ուստի տղաք երկուքն ալ օրաւուր մեծնալով թէպէտ թարմ հասակնուն մէջ` յարմար սեպեց Թորոս իրենց հարսանիքը կատարել ի Մամեստիայ, որ իր առաջին յաղթութեանց եւ Եւփիմէի ուրախ-զուարթ յիշատակներով լեցուն էր. եւ որովհետեւ Օշին իր փրկանաց գինն չէր կրցած վճարել, այն ալ իր մէկ հատիկ զաւկին օժիտն համարեց արքայաբար, եւ հոնկից հարսն ու փեսան ուղեւորեցան ի Լամբրոն:

Լամբրոնի տեարքը, միշտ կայսեր հաւատարմութեան դրօշակակիրք լինելով աւանդաբար յորդուոց յորդի, այս Ռուբենի փափուկ շառաւիղը, յանկարծ բոլորովին օտար երկրի, օտար կլիմայի տակ փոխադրուած բոյս մը դարձաւ, ամէն բան, ամէն գաղափար, ամէն խօսակցութիւն նոր էին իրեն համար. ի՛նչ որ յարգել սովրէր էր իր հայրենի տունը` հոս արհամարեալ կը տեսնէր, ինչ որ հոն սուրբ էր` հոս ծաղրելի էր: Բայց որ իւր սրտին ամէն բանէ առաջ ծանր կը թուեր, այն էր, որ պարզ համարձակութիւնը, որ հայրենի տան մէջ սովորական էր, հոս բոլորովին ընդհակառակն սանձահարեալ կը տեսնէր. հոս անմեղ ծիծաղը նաեւ գաղտնի պէտք էր լինիլ, վասնզի խոժոռ երեսներ կային, որ տխրութիւնը իրենց շուրջ օրէնք ըրած էին: Այս բերդիս մէջ նոր հարսին ամէն շարժմունք, ամէն խօսք քննութեան եւ յանդիմանութեան առիթ մ՚էր: Փեսան պէտք էր լինիլ իր միմիայն ապաստարանն ու սրտակիցը, բայց ան ալ ինքզինքն հոս աւելի ճնշեալ կը գտնէր, քան թէ Վահկայ բերդը, ուր աւելի համարձակ եւ ընտանի էր Թորոսի քան իւր հօր` Օշնի հետ: Կը հանդիպէր նաեւ երբեմն, որ Լամբրոնի դղեկին մէջ ծանր եւ նախատական ակնարկութիւններ կը լինէին Թորոսի եւ Ռուբինեանց յիշատակին, որ հարսին սիրտը ծանր կը վիրաւորէին. բայց նա թէպէտ թարմ հասակի մէջ իբրեւ անզգայ չիմանալու կը զարնէր: Այսպէս տխուր կ'անցնէին իրեն համար ամիսները, երբ մեծ պատրաստութիւնք իրեն իմացուցին, թէ ի Լամբրոն Թորոսի այցելութիւնը կը սպասուի: Հօրը տեսութիւնը ձմեռուան տխուր օրերու ճառագայթ մը եղաւ խեղճ աղջկան համար, թէպէտ արարողութիւնք կ'արգիլէին զաւկին նոյն համակրութիւնը ունենալ հօրն հետ, ինչ որ առաջ. բայց Թորոս, որ Բիւզանդական կայսերութեան արարողութիւնքն աւրշտկէր էր բոլոր Կիլիկիա տակնուվրայ ընելով, այդպիսի պառաւական կապերու առջեւ չէր կրնար սանձահարիլ. ուստի աղջիկը առաւ քովը, խօսեցաւ ամէնուն առջեւ անտարբեր եւ երթալու ատեն առանձին սենեկի մը դռան մէջ կենալով` որպէսզի ամէնքը զինքը տեսնեն բայց ձայնը չի լսեն` «Զաւակս, ուրախ եղիր, զուարթ եղիր, հայրդ զքեզ չէ մոռցեր, եւ չի կրնար մոռնալ», ըսաւ եւ գնաց: Որովհետեւ առջի նայուածքը ըսէր էր Թորոսի, թէ իր աղջիկը երջանիկ չէր:

Թորոս Լամբրոնի իշխանաց յունամոլութենեն գոհ չէր, բայց իր մեծ սիրտն մարդկային տկարութեանը բաժինն հանել եւ ներել գիտէր. գիտէր թէ անոնք ամէն բան ի կայսերաց ստացեալ, բնական էր իրենց հաւատարմութիւնն, բայց չէր կրնար ներել ամէն օր իր անձին եւ իր պետութեան դէմ նիւթած որոգայթներուն, որ ազգին դէմ մատնութիւն կը համարէր. գիտէր թէ Մաղսուտ սուլթանին եւ կայսեր բանագնացութեանց գործիք շատ անգամ եղած էին, թէպէտ առանց երեւալու. գիտէր թէ Ռընալտի իրեն դէմ գրգռութեան դարձեալ գործիք եղած էին, թէպէտ Ռընալտի խօսքերուն հաւատարմութիւն չունէր: Իսկ կայսեր իր վրայ յարձակման ժամանակ յայտնի իրենց գունդերով հոն էին լամբրոնացիք, թէպէտ բոլոր այս գործողութեանց ատեն իրենց Հեթումն պատանդ էր իր քով: Իսկ հիմա նոր ի ձեռին ունէր առ Նուրետտին գրուած թղթեր` գրգռելու համար զանի իրեն դէմ, եւ այս` իր մէկ հատիկ աղջիկը իրենց զաւկին հետ հարսնացնելեն վերջ: Ուստի այս անգամ ալ արհամարհելու պատրաստ էր այս փոքրիկ եւ անարգ բանսարկութիւնները, բայց իր զաւկին տխուր տեսութիւնը, այն զաւկին, որ մօրը սիրելի յիշատակին գրաւականն էր, իր սիրտը դառնութեամբ լցուց եւ երդուաւ, որ այդ Լամբրոնի ամբարտաւան դաւաճանութիւնը խորտակէ եւ չուշացնէ:

Բայց իբրեւ շրջահայեաց մարդ պէտք էր նախ զաւակը անոնց ճիրաններէն ազատել, վասնզի իւր կամօք եւ միամտութեամբ անոնց պատանդը ազատէր եւ իրենը պատանդ տուեր էր, որ միայն իր Եւփիմէին վերջին նուիրական կամքը կատարելու, այլ նաեւ ընդհանուր եղած քաղաքականութեան կանոնով, որ խնամութեամբ զինաթափ ընել կը կարծե թշնամին եւ բարեկամական կապով կը միացնէ: Ուստի իր պատերազմական մտքերը չի յայտնած աղջիկը ազատելու հնարք մը մտածեց:

Հօրը այցելութենեն վերջը, Գոհար իբրեւ յանցաւոր մը մնաց, եւ ամէն աչք թէպէտ զգուշաւոր, բայց երկդիմի ակնարկ մը իրեն կը ձգէին. Շահանդուխտ` իր կեսուրը` թէպէտ լաւ սիրտ ունէր, բայց կռուելու չափ այն բնական դարձած ատելութեան դէմ, որ ունին կեսուրք իրենց հարսերուն, բարձր սիրտ չունէր, ուստի կամ նայուածքով մը, կամ բառով մը խեղճին սիրտը կը թունաւորէր: Իր Հեթումը ինչպէս ըսինք, որ միակ մխիթարութիւն պիտի լինէր` շատ հեռու էր այն սիրտը ունենալեն, որ հասակեն աւելի վեր գտնուելով, այսպիսի դիրքի մէջ պաշտպանութեան վահան կը վիներ:

Երբ այսպէս գիշեր մը` ընթրիքեն վերջը` ուր խիստ ակնարկութիւններ կը լինէին իր հօրը դէմ եւ հօրեղբօրը Ստեփանէի անունը տրուեցաւ անարժան կերպով, Գոհար, երբ ինքզինքը` մանաւանդ թէ արցունքները կը զսպէր, կեսուրը հարսին դառնալով եւ չափաւորեալ խստութեամբ

– Զաւակս, – ըսաւ, – դու դեռ տղայ ես, այն օրէն, որ աղջիկ մը հարս կը լինի, ալ իր տունը եւ անոր պարագայքը ոչ միայն պէտք է ուրանայ. այս այլայլութիւնդ ալ մեծ ամօթ է:

Գոհար պատասխան չի տալով, թաշկինակը երեսին եւ աչքերուն վրայ սեղմելով հազիւ իր սենեակները ինքզինքը ձգեց, եւ հոն քիչ մը հեկեկալեն վէըջը իր պատուհաններուն վրայ բացուած փոքրիկ ծաղիկներու պարտէզը ելաւ. նոր լուսնին աղօտ լուսաւորութեամբ շարժմունք մը եւ ստուեր մը տեսաւ, եւ երբ սոսկումով ետ պիտի փախչէր`

– Ո՛վ իշխանուհի, – ըսաւ ստուերը, – հօրդ` Թորոս իշխանին կողմեն կ'ուգամ քեզի:

Հօրը անունը լսելուն պէս, խեղճ աղջկան սոսկումին տեղ յոյս մը երեսին ծագեցաւ:

– Հօ՞րս կողմեն:

– Այո՛, հօրդ հրամանն է, որ վաղր կէսօրին ճիշտ, երբ կերակուրի իջնեն ամէնքը` դու նոյն միջոցին բերդին վերի դուռը ելնես, եւ նշան այս թուղթը տուաւ, զրուցեց եւ զարմանալի արագութեամբ վանդակին եզերքը բռնելով այն պատին ահագին բարձրութենեն սկսաւ վար իջնել, իբր թէ սանդուխ մը դրուած լինէր: Գոհար շփոթած այս գործողութենեն թուղթը ձեռքը ծռեցաւ եւ կը նայէր պատանուոյն, որ կ'իջնէր անխռով, մինչեւ որ վար հասնելը տեսաւ: Այն ատեն սիրտը հանգստանալով թուղթը ձեռքը ներս մտաւ եւ կանթեղին մօտենալով այս բառերը կարդաց. «Մտիկ ըրէ եւ լռէ. – Թորոս»: – Հօրս ստորադրութիւնն է. ուրեմն «Հաղը կէսօրին` ճիշտ կերակուրի ժամանակ` բերդին վերի դուռը» պէտք է ելնել… ո՛հ, իմ սիրելի հայրիկս զիս չէ մոռցեր. իմացեր է, որ ես հոս մարտիրոս կը լինիմ… Եւ ինք ինձի ըսաւ` «Հայրդ զքեզ չէ մոռցեր եւ չի կրնար մոռն ալ…», բայց Հեթո՜ւմ… զիս կը սիրէ, այո՛, կը սիրէ, բայց իմ հօրս պէս հայր մը պէտք էր ունենալ… իմ խեղճ մայրս թէ որ ողջ լինէր հիմա եւ իմանար իմ հոս քաշածս… ինչ պիտի ընէր, իմ հօրս պիտի զրուցէր եւ թերես այդ պատանին, որ այս պատեն վար իջաւ մողէսի պէս` ամիս մը առաջ պիտի բերէր հօրս հրամանը… բայց ի՜նչ պիտի ընեմ ես… անշուշտ մարդիկ պիտի գան եւ զիս պիտի ազատեն… բայց Հեթո՜ւմ… Հօրս հրամանն է, պէտք է լռեմ եւ մտիկ ընեմ… նա ամէն բան գիտէ, ամէն բան կը տեսնէ, ամէն բան կը մտածէ. միթէ Բաբկէն հայրիկ ինձ այնպէս չէր ըսէր միշտ… ո՜հ պատուական ծերունին… ես երբ հոս հարս կ'ուգայի ինչչա՛փ լացաւ. ես անոր լալը մօրս մեռած օրը տեսայ անգամ մ՚ալ, եւ երբ հարսնութեանս քովը գնացի զարդարուած եւ ուրախութենես կը թռչտէի… տեսայ, որ աչքերը կը սրբէր. մօրուքը ձեռքովը կը շոյէր, հոս կը դարձնէր աչքերը, հոն կը դարձնէր, շփոթած էր խեղճ ծերուկը: Դու ուրախ չես, Բաբկէն հայրիկ, ի՞նչ ունիս, ըսի, իմ հարս ըլլալս չէի՞ր ուզէր. Ո՜հ, ինչպէ՞ս կրնայի չուզել Գոհարիկս, – ըսաւ, – միայն զրուցէ, աղաչի հօրդ, Լամբրոն մ՚երթար, մեր քովը կեցիր, իշխանուհիս: Եւ այս խօսքերը ըսելով` ալ որոշ տեսայ, որ արցունքը ջուրի պէս աչքերեն կը վազեր. ես ալ կը զգուշանայի, որ արցունքը իմ հագուստներուս վրայ բիծ չի ձգե… Երանի՜ թէ իմանայի այն արցունքներուն զօրութիւնը, եւ հիմա սիրտս վէրքերով չէր բծաւորեր… Բաբկէն միայն իմ վրաս լացաւ… հայրս չի լացաւ… բայց հայրս չէ՞ր գիտէր թէ ես խեղճ պիտի լինիմ ասոնց ձեռքը, նա, որ ամէն բան գիտե… Այո, ամէն բան գիտե… Ո՜վ իրեն զրուցեց թէ ես թշուառ եմ… ես իրեն բան մը չի զրուցեցի, չէի կրնար ալ զրուցել, ամէն աչք վրաս կը նայէին… թուղթ մը չը գրեցի, ուրիշներու ձեռք կրնար անցնիլ… բայց ասոնք ինչո՞ւ մեզ չեն սիրեր… իմ խեղճ հօրեղբայրս ի՞նչ ըրեր է ասոնց… ամէնքը լացին անոր մահուան վրայ` բացի հորմես… բայց նա չի լար… աչքերը գոց կը նստի, երբ տխուր է… երբ որ հօրս երթամ, ամէն բան պիտի ըսեմ… բայց Հեթում տխուր էր, անոնց կամակից չէր… այն ալ կը զրուցեմ, ալ հերիք եղաւ… Նայեցէք, կուգա՞… այսչափ ժամանակ եղաւ, գիտէ որ տխուր եմ… ես սա թուղթը պատռեմ… ահա մարդու ձեռք ընկնելու վտանգն ալ չի կա…»:

Երբ դուռը բացուեցաւ` Հեթումին տխուր դէմքը տեսնուեցաւ, որ իր հարսին քովն եկաւ, որ նոյնպէս կախ երես քինաւորեալ գլուխը վեր չէր վերցնէր. իսկ Հեթում, տեսնելով նորա կերպարանքը, սկսաւ գանգտիլ թէ բնական էր Լամբրոնի մէջ մեծ սէր մը պէտք չէր յուսալ Ռուբինեանց վրայ, թէ երկու թշնամի ընտանիք պէտք էր սպասել, Որ կամաց-կամաց մոռնան բոլորովին իրեց ատելութիւնը, ուստի մինչեւ այն ժամանակ պէաք էր սպասել եւ կամաւոր սուտ խուլ լինիլ ու չիմանալ…

– Լաւ՛, – ըսաւ Գոհար դառնութեամբ, – դո՞ւ ալ ուրեմն իրաւունք կ'ուտաս այն անգութ նախատանաց, միայն պէտք է յիշես թէ երբ դու Վահկայ էիր, իմ հայրս եւ իմ խեղճ մայրս քեզի հետ այդպէս չի վարուեցան, եւ մէկ ծանր բառ մը քու ծնողացդ եւ թէ քուկիններուդ համար չէի լսած ոչ իրենցմէ եւ ոչ ծառայից մէկուն բերանեն. ես զքեզ երկար ժամանակ եղբայրս գիտէի, եւ կը կարծէի թէ մեր տունը քեզի հետ ինչպէս վարուեցան, հոս ալ ինձի նոյն վարմունքը կսպասեր… ափոսո՜ս, ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս:

Եւ այս խօս քերեն վերջը, ա՛լ արցունք չի կար, այլ անկիւն մը քաշուի ցաւ լի գառնութեամբ եւ քուն ձեւացաւ: Իսկ Հեթում շփոթած այս յանդիմանութեան վրայ, եւ ժամանակեն սպասելով (ինչպէս իր սկզբունքն էր) փոթորկին անցնիլը, մտաւ հանկողին եւ քիչ մը ատենեն հանգիստ քուն եղաւ: Այս քունը ա՛լ աւելի գայրացուց աղա կինը, որ ինքնիրեն կրսեր. «Եթէ զիս սրտանց սիրէր անշուշտ զիս կ'ամօքէր. ի՜նչ կենամ, որո՞ւ համար կենամ այս դղեակը, ուր միայն խոժոռ երես եւ տխուր խօսքեր կան… Բաբկէն հայրիկ իրաւունք ուներ…»: Բայց երիտասարդ տարիքին մէջ տխրութիւնն ալ քուն կը բերէ. քիչ-քիչ քունը` ճշմարիտ քունը իր աչքերն ալ գոցեց, եւ երբ արթնցաւ, առաւօտ էր:

Գոհար անհամբերութիւն մ՚ունէր նոյն օրը, եւ ոչ ոք բուն պատճառը չէր կրնար երեւակայել. արդէն Հեթում իր հարսին խոժոռ կերպարանքը չի տեսնելու համար որսի երթալ եւ հեռանալ միմիայն դարման համարեցաւ վիճակին: Ուստի նա ալ բանի մը հետ չի կրնալով զբաղիլ, կէսօրին սպասելով ծաղկոցը կը պտրտեր, եւ առանց իմանալու շատ մը ծաղիկներ կը փեթթեր եւ հակամայս աչքը հորիզոնին վրայ բան մը կը փնտրեր, իրօք ալ կէսօրը մօտ էր, երբ լեռան կողմը երկու երեք ձիաւոր տեսաւ ճերմակ վերարկուներով փաթթուած, որ դէպի բերդին ճամփան կ'իջնէին. սիրտը սկսաւ տրոփէի նոյն միջոցին ճաշի ձայն տրուեցաւ, թէպէտ սանձ փափագ կը զգար սանդուխներն ի վար վազելու` բայց ինքզինքը սանձեց եւ անհոգ ու տխուր ձեւով մը աջ կողմը սեղանատան դռան առջեւ կեցաւ, աչք մը նետեց, դեռ մէկը չէր իջեր, դարձաւ դէպի ձախը, որ դղեկին վերի դուռն էր, եւ ուր նարնջի եւ նուռի ծառերը ղուքերնին ձգած էին, ծեր դռնապան մը գաւազան ի ձեռին նստած էր, երբ տիրուհին տեսաւ, ոտք ելաւ, իսկ նա առանց խօսելու դռանը մօտեցաւ` գլուխը դուրս հանեց եւ տեսաւ, որ իր նշմարած հրէք հեծելոց ձիերուն գլուխները դռան առջեւ երկնցան:

– Բաբկէն հայրիկ, դո՞ւ ես, – ըսաւ Գոհար:

– Ես եմ, իշխանուհիս, – պատասխանեց ծերը:

Եւ այս միջոցիս երկու կորովի բազուկներ զինք բարձրացուցին, Բաբկէնին ձիուն վզին վրայ դրին, եւ Բաբկէն թէպէտ եօթանասունը անցած` աջ թեւով աղջիկը գրկած եւ ձին մտրակելով կը սլանար դէպի Տարսոն առանց գլուխը ետին դարձնելու, իսկ ծեր դռնապանը, որ այս տեսարանը տեսաւ եւ ջանաց ձայն հանելու` այնպիսի բռնցի հարուած մը ընդունեցաւ կուրծքին, որ կռնակն ի վար գլորեցաւ, եւ երիտասարդը, որ հական քթթել իջեր ձիեն` զգոհար Բաբկէնի գիրկը եւ հարուածը խեղճ դռնապանին տուեր էր, քրքիջ ծիծաղով դարձեալ ցատկեց ձիուն վրայ եւ սկսաւ քշել ամէն արագութեա՛մբ հասնելու համար Բաբկէնի ձիուն, որուն փոշին միայն կ'երեւէր, եւ իրօք անկարելի էր այդ նժոյգին հասնիլ թէ որ ծերը իր ընկերներուն հասնելու ժամանակ տալու համար չի թուլացնէր իր ընթացքը:

– Հանգի՞ստ ես, զաւակս, – հարցուց ծերը:

– Փա՛ռք աստուծոյ, հանգիստ եմ եւ շատ ուրախ եմ, Բաբկէն Հայրիկ, – կ'ըսէր Գոհար ձախ ձեռքով, որ ազատ էր, Բաբկէնի մօրուքին թելերը մէկդի ընելով, որ աչքերը կը մտնէին, բայց զրուցէ՛ ինձի, ազատեցա՞նք Լամբրոնեն:

– Անհոգ մի՛ ընէր. այս ձիուս հասնող ձի չի կայ Կիլիկիոյ մէջ, Թոռնիկ այս ձին գողնալու համար մինչեւ Սղերդ գնաց:

– Բայց կ'ուգան, Բաբկէն հայրիկ:

– Մեր տղաքն են, Տիրուհիս, դու հոգ մ՚ընէր, հիմա իշխանն ալ ո՛ւր որ է` կը հասնի:

Հազիւ թէ քառորդ մը տեղ ձիավարեցին, ամպի պէս փոշի մը երեւցաւ առջեւնեն, եւ գունդ մը ձիաւոր փոթորկի պէս կ'ուգար. Բաբկէնի ձին սկսաւ խխնջել եւ դափը հատանել:

– Ահա իշխանն է, – ըսաւ Բաբկէն: – Կրակ մեզի աւետիս կ'ուտայ:

– Կրակն ի՞նչ է, – ըսաւ Գոհար:

– Կրակն այս մեր կարմիր ձին է, որ բոցի պէս կ'երթար, որ ամէն բան կ'իմանայ, որ կը խօսի` կիմացնէ, անխելք մարդիկներէն շատ խելօք է, քեզ բերելու համար այսօր ինձ տուաւ հայրդ: Եւ իրօք Թորոսն էր, որ անձամբ կ'ուգար դիմաւորելու աղջիկը, եւ երբ մօտեցաւ, իջաւ ձիեն` առաւ նստեցուց գնա պատրաստ ձիու մը վրայ, կռնակը լոդիկ մը եւ գլխուն բեհեզեայ քօղը տուաւ, եւ ծանր-ծանր հասան Տարսոն:

Թէպէտ շատ պարզ եւ դիւրին եղաւ Գոհարի Լամբրոնէ ազատութիւնը, բայց դարձեալ բաւական ցնցուած էր խեղճ աղջիկը, որ մէկ երկու օր մը փոքրիկ ջղային անհանգստութիւն մ՚ունեցաւ, եւ որ շատ մտատանջեց զթորոս, որ չէր կրնար մտքեն հեռացնել այդ քաղքին մէջ նորա մօրը դժբախտ վախճանը. ուստի, երբ զաւակը քիչ մը աղէկ գտաւ ինքզինք, մէկեն խումբ մը պահապան զօրօք յանձնեց Բաբկէնի տանիլ Վահկայ:

Իսկ Լամբրոնի բերդեն հանուած խնդրակները հազիւ թէ երեկոյին կոր գլուխ կը դառնային իմացնելու, թէ իրենց հարսը Տարսոն մտած էր իր հօր հետ եւ բազմութեամբ ձիաւորաց:

Жанры и теги
Возрастное ограничение:
12+
Дата выхода на Литрес:
30 июня 2017
Объем:
260 стр. 1 иллюстрация
ISBN:
9781772467963
Правообладатель:
Aegitas
Формат скачивания:
epub, fb2, fb3, html, ios.epub, mobi, pdf, txt, zip

С этой книгой читают

Новинка
Черновик
4,9
161