Читать книгу: «Թորոս Լեւոնի», страница 14

Шрифт:

ԳԼՈՒԽ ԻԶ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿԸ

Լամբրոն անառիկ անուն ունէր, ուստի Թորոս գիտէր թէ անոր տեարքը կրնային իրեն դէմ խիզախել. բայց այն ալ լաւ գիտէր թէ դուրսէ օգնութիւն մը չի կար իրենց տեղաց մը, քանի որ յունական զօրութիւնը այն աստիճանի խոնարհեցաւ իրեն առջեւ, որ Երուսաղէմի թագաւորին միջնորդութեան դիմեցին յոյն կուսակալք դադարեցնելու հայ սուրին հարուածը իրենց ժողովրդոց վրայեն. ուստի, երբ ամէն կողմը տեսաւ թէ Օշինի օգնութիւն չի կայ ուստեք, իր բոլոր զօրութեամբ յարձակեցաւ Լամբրոնի վրայ:

Մեզ այս եղբայրասպան պատերազմին վրայ խօսիլ ծանր է. պատերազմ, ուր հայ արիւն հայ ձեռքերէ թափուեցաւ, եւ ուր վերջապէս Լամբրոնի տէրը պարտաւորեցաւ իր պարիսպներուն ապաւինիլ, եւ երբ բանագնացութեանց ուզեց սկսիլ յաղթողին բարկութիւնն իջեցնելու, Թորոս ձիու վրայ ընդունեց պատգամաւորը, որ եկեր էր խաղաղութիւն խնդրելու, եւ շրջապատ եալ այն իր զօրավարաց եւ ասպետաց խումբեն, որ գրեթէ քսան երկայն պատերազմաց տարիներու տակ ծերացեր էին, ծանր ուշադրութիւն մը տալեն վերջը պատգամաւորին ըսաւ խստութեամբ:

– Քու տէրդ ինձմէ խաղաղութիւն կը խնդրէ եւ չամչնար, իսկ ես, որ հիմա որոշած եմ, որ ուծտադրուժ, խարդախ մարդկանց հետ դաշնադրութեան չի մտնեմ, երբ գիտեմ թէ վաղը պարագան որ ներէ, գաշինքնին պիտի ստեն, երդմունքնին ոտնակոխ պիտի ընեն: Ուստի գնա՛, զրուցէ՛ քու տիրոջդ, եթէ ազատութեան կը փափագի` դռները բանալէ եւ Լամբրոն ինձի յանձնելէ ուրիշ ճար չի կայ, այն ատեն զէնքը թող կ'ուտամ, կուզէ երթա Կոստանդնուպոլիս, կուզէ Իկոնիայ, կուզէ Հալէպ, այն ամէն մայրաքաղաքները, ուր գրեթէ քսան տարի է ինձի թշնամի կը փնտրէ, ամէն թշնամիներուս լրտեսութիւն կընէ, ամէնքը ինձի դէմ կը գրգռէ: Քու տէրդ Թորոսը կը տեսնէ, շատ կը սխալի. ես իրեն առջի օրէն, երբ այս ճամփաներէն կ'անցնէի փախստական երիտասարդ, իմ շղթաներես հազիւ ազատած` ազգին շղթաները կ'ուգայի, խորտակեւ եւ առաջին խոչընդոտն զինք կը գտնէի. այն օրէն ես իրեն ազդ ըրի, զրուցեցի թէ փառք փնտրելու չէի եկած, այլ իմ ազգիս խեղճութեան ճար-ճարակ ընելու. ինք չի հասկցաւ, վասնզի ինք ազգութիւն ի՛նչ է, հայութիւն ի՛նչ է` չգիտէր. պէտք էր տեսնէի եւ հասկնալ թէ Թորոս բան մը չէ, այլ իր ետին հայութիւնը` այս ամէնքը, որ կը տեսնես եւ այն ամէնքը, որ Մասիսի ստորոտեն բոլոր աշխարհքիս վրայ ցանեւցիր կը տարածուին, օտարին բռնութեանց, հարստահարութեանց տակ կը հեծեն, որոնց կրօնքը, անունը, կեանքը եւ ստացուածքը վտանգի մէջ են, այն ամէնքը այսօր իմ կռնակս կեցած են, եւ պէտք է զրուցեմ թէ Հիմա, այս վայրկենիս այս հայութիւնը, որ քու տէրդ չի ճանչեր, եւ որուն համար ես կեանքս, արիւնս եւ ամէն ունեցածս կը զոհեմ, հիս` այս խեղճ Թորոսին վրայ կը կայանայ: Եւ քու տէրդ չամչնա՞ր. ի՞նչ, ամչնա՜լ, ի՜նչ է ամօթ… Աստուծմէ չի՞ վախեր այս Տորոսի ապաստանարանը կործանելու, որ այնչափ հալածեալ` միմիայն ապաւէն գտաւ Ռուբեն իմ նախահայրս, եւ որ ես նոյն աստուծոյն կարողութեամբ նորէն ի հիմանց եւ աւելի ընդարձակ կը կառուցանեմ: Նա ինքն աստուած վկայ, որ ես անպարտ եմ հայու արիւն թափելեն, եւ քու տէրդ լաւ գիտէ, որ այդ արիւնը խնայելու համար իր զաւակը ինձի զաւակ ընել ուզեցի, որպէսզի թշնամութիւնը վերնա մեր մէջեն, բայց ինք չուզեց. ուրեմն թող պատիժը քաշէ, ես չեմ կրնար իմ ազգիս անունը, պատիւը լամբրոնական վատութեան զոհել. նայէ, տես այս թուղթերը, որ նոր ձեռքս կը հասնին, որ իր մատնութեանց անժխտելի վկայք են, եւ որ Կ'ոռիկոսի առջեւեն ձերբակալ սուրհանդակի մը վրայեն ձեռք են ինկած. այս թուղթերը թէ իր մատնութեան վկայք են եւ թէ ինձ ինչ որ արդէն գիտէի թէ ինք յունական օգնութենեն յոյս պէտք չէ ունենա երկայն ատեն, ուստի թող գիտնայ թէ ահա վրանս կը զարնեմ այս Լամբրոնի դռներուն առաջը, եւ այն ատեն պիտի վերնայ, երբ այդ մատնտու բերդին քարերը հիմն ի վեր տապալին: Ահա իմ պատասխանս, եւ վերջին պատասխանս:

Եւ ձին մտրակեց իր հրամանները տալու, որ սաստկացնեն պաշարմունքը, եւ իրօք վրանը հոն բերդին դիմացն էր. հոն կը տեսնուէին ամէն գործքեր, հոնկից Կիլիկիոյ կառավարութեան ամէն հրամաններ կը մեկնէին, եւ անառիկ բերդը, որ առաջ սպառնալիքը արհամարհել ձեւացուց, սկսաւ իր բախտին վրայ տարակուսիլ, վասնզի ամիսն անգամ մը կը տեսնէր, որ պաշարող զօրքերը կը վախուէին` նորերը կ'ուգային եւ հիները իրենց տուները կ'երթային: Իսկ յարձակմամբ գլուխ ելնել թշնամին վանել անկարելի էր, ուստի, երբ ամիսները անցան, տարին սկսաւ մօտենալ, խեղճութիւնը բերդին մէջ սկսաւ տիրել, բերդապահ զօրականք սկսան գաղտնի գանգատիլ, Օշին ալ սկսաւ մտածել, երկրորդ պատգամաւորութիւն մը յուղարկեց, որուն գլուխը իր տղան Հեթումը դրաւ: Բայց այս առաջինեն դժբախտ եղաւ, վասնզի յառաջապահ զօրաց պատուէր կար ամէն պատգամաւորութիւն ետ դարձնել եւ իշխանին առջեւ չի հանել:

Ուստի Օշին, երբ կը մտածէր տխուր այս վիճակին վրայ եւ յանդուգն գործողութեամբ մը վերջ տալ որոշած էր, Շահանդուխտ իրեն մօտենալով ըսաւ.

– Յուսահատ, տխուր մտածելն օգուտ չունի, ինձի յանձնէ, եւ ես ճարը կը տեսնեմ այս վիճակին:

– Ո՞վ քեզ կարգիլէ, – ըսաւ Օշին, – ըրէ ինչ որ կրնաս, բայց միտքդ դիր թէ երկրորդ անգամ մ՚ալ այն անզգամին ձեռքը ողջ չեմ կրնար ընկխիլ:

– Ո՞վ քեզ անոր ձեռք կը ձգէ:

– Գնա՛, ըրէ ինչ որ կրնաս:

Շահանդուխտ գնաց եւ իմաց տալ տուաւ մատրանապետ վարդապետին, որ քաշուած առաքինի ծեր մ՚էր, թէ կուզէ իրեն հետ տեսնուիր

– Հայր սուրբ, – ըսաւ Տիկինը, – պէտք է որ դու զմեզ ազատես:

– Թէ որ ձեռքես գա, պատրաստ եմ, Տիկին, – ըսաւ խեղճ ծերը շփոթած երեսը նայելով եւ վախելով, որ դիմացինին խելքին վտանգ մը հանդիպած չլինի:

– Այո՛, հայր սուրբ, դո՛ւ միայն այս վիճակին դարման մ՚ընել կարող ես:

– Գիտես, իշխանուհիս, թէ ես տկար ծերունի մ՚եմ, եթէ իմ աղօթքս լսելի լինէր աստուծոյ, այս նեղութիւնները մեր վրայ չէին հասնէր, – պատասխանեց ծերը եւ վախելով թէ Տիկինը հրաշքի մը կսպասէ իրթմէ` աւելցյյլց. – Գիտես, Տիկին, թէ հրաշքներն ալ հիմա քիչ կը պատահին, եւ ես մեղաւոր անձ մ՚եմ:

– Ո՜հ, – ըսաւ Շահանդուխտ ժպտելով, – ես հրաշքի չեմ սպասէր, միայն կ'ուզեմ, որ յանձն առնուս երթալ Թորոսի խօսիլ. դու քահանայ աստուծոյ ես, եւ երբ նա զքեզ չուզէ ընդունիլ եւ թերեւս մտիկ ալ ընել, խնդրես, որ մէկ մ՚ալ հոս չի դառնաս, այլ Սեւ լեռը վանք մը քաշուիս, եւ ջանաս զինքն համոզել տկարութիւնդ պատճառ բռնելով: Նա երբ քեզի թոյլ տա ինչպէս որ հաւանական է, շուտ մը երթաս` Հռոմկլա մօրեղբարցս սրբզաններուն իմացնես մեր վիճակը եւ խնդրես, որ մէկին մէկը գա հասնի` այս գազանին խօսք հասկցնէ, դեռ երեք ամսուան պաշար ունինք, ժամանակ կայ, թէ որ շուտ շարժիս կրնաս զմեզ ազատել:

– Լաւ՛, բայց գիտե՞ս, Տիկին, ինչչա՜փ ճամփայ է, – ըսաւ ծեր վարդապետը մտածելով եւ հաշուելով:

– Գիտեմ, – ըսաւ Տիկինը խստութեամբ, – երկայն ճամփայ է, բայց պէտք է մտածես, թէ, հայր սուրբ, քու աղօթքներովդ ինչչափ հոգի որ չես փրկած այսչափ տարիներու մէջ, հիմա պիտի փրկես այս ճամփորդութեամբդ:

– Բայց ես յիրաւի ծեր եմ, բայց հիւանդութիւն մը չունիմ, սո՞ւտ ալ զրուցեմ:

– Հայր սուրբ, խնդրեմ, այսպիսի բարակ խղճմտանքի ժամանակ չէ, մեր բոլոր ազատութիւնը քեզի է մնացեր:

Վերջապէս կրօնաւորը յանձն առաւ կ'ամա-ակամայ այս ծանր պաշտօնը կատարել, եւ խեղճ մարդը իրօք ճգնաւոր լինելուն Օշինի երեսը կիրակիէ կիրակի եւ եկեղեցին միայն կը տեսնէր, այն ալ, երբ բեմը կ'ելնէր, այն ատեն միայն. հիմա երթալ դեսպանութեամբ այնպիսի իշխանի մը հետ խօսիլ, որ իբրեւ արիւնարբու գազան իրեն կը նկարագրէին, իր գործը չէր, բայց ճար չի կար, ուստի յանձն առաւ. եւ Շահանդուխտ զինքը լաւ մը կարդացնելէ վերջ հրաման ըրաւ հայր սուր թին ջորի մը տալ եւ դռները բանալ, որ երթայ:

Թորոսի, երբ իմացուցին թէ ծեր վարդապետ մը եկեր կուզեր իրեն հետ խօսիլ, առանց գլուխը վեր վերցնելու` «Թո՛ղ երթայ Օշնի քարոզէ Քրիստոսի Աւետարանը, – ըսաւ, – որ չի ճանչեր, ես հոս նոյն Աւետարանին պաշտպանութեան համար կեցէր եմ»:

Այս պատասխանին վրայ խեղճ ծերը բոլորովին տարակուսեցաւ, բայց դարձեալ աղաչեց ծեր զօրավարին, որ այս պատասխանը իրեն կը բերէր, զինք պարապ չի յանձլ: Իսկ ծեր զօրավարը, որ մեր քաջածանօթ Բաբկէնն էր, գթալով տարեկից կղերականին վրայ, որ իր կորովն ալ չունէր, ակնարկ ըրաւ եւ վրանին դուռը ցուցուց, որ մտնէ, եւ ինք հեռացաւ:

Վարդապետը, որ կարծէր թէ դահիճներէ շրջապատեալ մէկը պիտի տեսնէր, զարմացաւ, երբ տեսաւ զթորոս երեք-չորս հատ վեղարաւորների շրջապատեալ, որոնք չորս կողմը նստած գորգերու վրայ շարունակ կը գրէին ինչ որ իշխանը տօն կ'ուտար, եւ որ մտնող մը տեսնելով գլուխը վեր վերցուց եւ թէպէտ նեղացաւ, բայց նայելով թէ ծեր կորագլուխ եկեղեցական մ՚է, ոտք ելաւ, եւ առանց խօսելու, ձեռքեն բռնեց, քովը նստեցուց եւ իր մեծ եւ խոր աչքերը վրան սեւեռեալ` սպասեց, որ խօսի. այս ընդունելութիւնը խեղճը բոլորովին շփոթեց:

– Կը տեսնես, հայր սուրբ, թէ ես ինչչափ զբաղեաղ եմ, զրուցէ, ի՛նչ պիտի զրուցես, միայն առաջուց կ'իմացնեմ, թէ բերդը անպայման ինձի յանձնելէ զատ, ուրիշ դաշինք չեմ ընդունիր:

– Եթէ այդ այդպէս անդառնալի վճռուած է, – ըսաւ ծերը, – գոնէ ինձի հրաման տուր, մեծ իշխան, որ երթամ վանք մը քաշվիմ, վասնզի հիւանդ եւ տկար անձ մ՚եմ:

– Բայց ներսը քեզմէ զատ քահանայ կա՞յ:

– Երկու քահանայք ալ կան:

– Լաւ, ազատ ես, – ըսաւ Թորոս եւ իր թուղթերը ձեռք առաւ:

Պաշարմունքը կը շարունակէր, եւ Թորոս այս բանակի կեանքը` յամառութեամբ կ'անցնէր, կ'ելնէր երբեմն իւր շրջանը կ'ընէր, եւ դարձեալ կը դառնար, միտքը որոշ դրած հիմնահատակ ընել Լամբրոն: Եւ երբ իւր դիտաւորութիւնքը անխախտ` այս վիճակին մէջն էր, ահա իմացուցին իրեն թէ եպիսկոպոս մը կաթողիկոսին կողմեն օրհնութեան թուղթ բերելով հասեր էր բանակը: Հրամայեց բերել եւ վրանին դռանը առջեւ ելաւ դիմաւորելու եւ առջի աչք ձգելուն կշռեց թէ սովորական մարդ մը չէր դիմացինը: Պարզ եւ պարկեշտ թէ հագուստին, թէ ձեւին մէջ, միջահասակ, գեղեցիկ աչքերով ալեւոր մ՚էր, եւ որ բերանը չի բացած թուղթ մը հանեց եւ տուաւ իշխանին հարզութեամբ: Իսկ նա, հրաւիրելով հիւրը նստելու, կարդաց թուղթը ամենայն ուշադրութեամբ, եւ քովը դնելեն վերջը.

– Մեր պարտքն է, սրբազան, եկեղեցուոյն եւ մեր կրօնական գլխոյն հրամանաց հնազանդիլ, երբ խնդիրը կրօնական է: Ինձմէ աւելի մէկը կարելի է չի գտնուի հայ ազգին մէջ նոյն հրամանները հա բդելու համար, բայց ամէն բան սահման մը ունի. երբ խնդիրը եկեղեցուոյ իրաւասութենեն դուրս է, եւ ազգին ալ վնասակար, ես չեմ կարծէր թէ հայոց ազգին վեհաշնորհ կրօնական գլուխը այնպիսի բան մը առաջարկէ, որ անիրաւ լինի: Իսկ որովհետեւ դուք հեռաւոր ճամփէ կը հա սնիք, եւ յոգնած էք, այս նիւթին վրայ հիմա խօսիլ անտեղի է, հանգչեցէք, վերջը ինձ ալ մտիկ կ'ընէք, ձեր ազգականներն ալ մտիկ կ'ընէք, եւ թէ որ արդարութեան հետք մը միայն անոնց քով գտնէք, ես ձեզի խօսք կ'ուտամ ձեր երկու եղբարց սրբազնութեան փափագը լիովին կատարել:

– Այս կերպով ըսուած խօսքի, ես ի՞նչ պատասխան կրնամ տալ, իշխանդ մեծ, – ըսաւ քաղցրութեամբ եպիսկոպոսը, որ նոյն էնք Ներսէսն էր Շնորհալին, եղբայր Գրիգորիս կաթողիկոսի: Ես ուրախ եմ, որ այնպիսի վեհազնի մը հետ գործ ունիմ, որ ազգին օգուտը նախադասել եւ կրօնքի պատուիրաններն յարգել, կանոն ընելն կը խոստովանի. ասկից աւելի ի՜նչ շնորհք կրնայի խնդրել աստուծմէ:

– Հիմա, սրբազան հայր, – ըսաւ իշխանը ոտք ելնելով, – ներեցէք, որ հրաման ընեմ ձեզի լաւ վրան մը պատրաստեն:

– Թէ որ հրաման եւ թոյլտւություն ընէք երթալու Լամբրոն…

– Ձեզի համար արգելք չի կայ, երբ որ ուզէք, կարող էք մրացնել, ամէն դուռ ձեզի բաց է:

Ներսէս ոտք ելաւ հրաժարական ողջոյն տալու եւ մտաւ Լամբրոն: Քիչ մը վերջը իր փոքրաւորներէն մէկը, որ պահէր էր Թորոս, կերակրեղէնաց հան դերձան ոք կը մտնէր սովեալ բերդին մէջ, ուր քանի մը ամսէ ի վեր հացի պաշարէ զատ բան չէր մնացել:

Կրնանք երեւակայել թէ լեզուանի կին մը, եղբօրդուստր բարձաստիճան եկեղեցականին, շատ դժուարութիւն չի քաշեց զանի համոգելու եւ դառնութեամբ լեցնելու ընդդէմ Թորոսի, մանաւանդ երբ ակն յանդիման կը ցուցնէր իրեն տարուոյ մօտ պաշարման վիճակը, իրենց անդրանիկը տարին չի կատարուած այրիութեան դատապարտեալ փախստական հարսեն, եւ ամէն պատգամաւորի անգութ եւ անփոփոխ պատասխանը հիմնահատակ կործանելու զլամբրոն:

Ներսէսի աղաւնակերպ սիրտը չէր հասկնար այսպիսի խստութիւն եւ անգթութիւն, բայց Թորոսի վսեմ կերպարանաց եւ խօսքերուն ազդեցութիւնը իրեն կը զրուցէր թէ կար նան. ուրիշ պատճառ մը, որ անշուշտ յայտնի պիտի լինէր:

Ուստի երկրորդ օրը, երբ բանակը եկաւ եւ սկսաւ խօսք բանալ, Թորոս բացարձակ իրեն իմացուց թէ զինք իբրեւ դատաւոր ընդունելու պատրաստ էր, միայն թէ Օշին պէտք էր, որ գար ներկա չիներ եւ պատասխանէր ամէն ամբաստանութեանց: Թէպէտ Օշին այս պայմանը ընդունելու շատ դէմ կեցաւ, բայց կնոջն ու բոլոր ընտանեաց յորդորանաց չի կրնալով դէմ կենալ, մանաւանդ թէ փրկութեան ուրիշ յոյս մ՚ալ չունենալով, պարտաւորեցաւ յանձն առնուլ:

Եւ ահա խաղաղութեան հրեշտակը հակամայս եղաւ դատաւոր: Թորոս հոն մի առ մի կը ցուցնէր բոլոր անցելոյն մէջ թէ ինչչա՛փ ատելի եւ վնասակար գտած էր միշտ պատերազմը եւ թէ անոր համար իր երկու եղբարց հետ քանի-քանի՛՛ անգամ աւրուած էր, եւ թէ ինչպէ՞ս պարտաւորած իր ազգին պատուոյն եւ ազատութեան համար պատերազմելու ընդդէմ յունաց եւ այլազգաց եւ թէ միշտ այս ամէն պատերազմներու մէջ թէ որ Օշնի անձը իրեն դէմ գտնուած չէր, իր գրգռութիւնքը միշտ գտնուած էին. թէ որ իր եղբօրը` Ստեփանէի անգութ սպանութեան գործակից չէր, կամակից լինելուն ապացոյցները ի ձեռին ունէր: Թէ որ նորա մահուանեն վերջը Թորոս եւ բոլոր հայք` յոյները խորտակեցին եւ անկարող ըրին, Օշին աւելի յոյն քան զբոլոր յոյները` թուղթ-թուղթի վրայ կը գրեր հրաւիրելով դարձեալ զկայսրն ի պատերազմն եւ իմացնելով թէ` «Քանի որ Ռուբինեան ապստամբ զարմը մնար աշխարհիս վրայ եւ բնաջինջ չլինէր, Կիլիկիա խաղաղութիւն պիտի չգտնէր յաւիտեան»: Եւ այս թունաւոր խօսքերը այն միջոցին կը գրուէին, երբ ինք Թորոս իր մէկ հատիկ զաւակը անոր տղուն հարսնութեան կ'ուտար, շնորհելով փրկանաց գինը եւ պատանդը իրեն փեսայացնելով: Եւ խօսքերը բաւական չի համարելով կ'առնէր կը դնէր մէջտեղ Օշնի ստորագրութեամբ գրուած գրերը, որ անուրանալի վկայք էին իր ըսածներուն: Եւ երբ նա եւ Ներսէս ինքն ապշած` ընդարմացած բերան չէին բանար, այն ատեն դառնալով առ դատաւորն

– Հայր սրբազան, – ըսաւ, – թէ որ Մերուժան, թէ որ Վեստ Սարգիս հոս սա մարդուն հետ նստած լինէին, կարծեմ թէ իմ միմիայն պարտքս այս մարդը անոնցմէ տարբերել չէր, այլ հաւասարապէս պատմել պէտք էր լինիլ. շատ եղաւ այսչափ տարիներու համբերութիւնս, եւ ես հիմա իմ անձիս միայն պարտաւոր չեմ այդ դղեակը հիմնահատակ կործանելու, այլ սուրբ պարտաւորութիւն մ՚է ինձ իմ ազգիս համար աս մատնութեան, դաւաճանութեան բոյնը անհետ ընել, վասնզի հոն` դորայ հանդիպակաց պարիսպներում մէջ գրուեցան, պատրաստուեցան այդ գրութիւնքը, հոնկից ելան հայ զինեալ ձեռքեր իրենց եղբարց արիւններուն մէջ թաթխուելու համար. անոր համար տարի մը ժամանակ կը լինի, որ ես հոս այս վրանին տակ կը սպասեմ. Ափսո՜ս ձեզի, սրբազան, որ այսպիսի փեսի մը վիճակէր էք, այնչափ եւ աւելի թերեւս ափսո՜ս ինձի, որ այդպիսի հօր մը զաւակը ինձի փեսայացուցեր եմ:

Այս խօսքերը թէպէտ առանց կրքի եւ հանդարտ ձեւով զրուցուած այնչափ արհամարհանաց Մանրութիւն բեռնաւորեցին Օշնի վրայ, որ գլուխը կուրծքին վրայ խոնարհեցաւ, արձանի պէս մնաց, եւ Ներսէս տխուր հարցուց իրեն, թէ` այն թուղթերը իրեն լինելը կ'ընդունէ՞ր: Իսկ երբ նա աչքով միայն «Այո՛» մը զրուցեց, այն ատեն հրաւիրեց զինքը Լամբրոն դառնալ, եւ մնաց Թորոսի եւ անոր զօրականաց հետ: Սկսաւ իր շնորհալի լեզուաւ ճառել համոզիչ խօսքերով թէ քրիստոնէական պարտաւորութեանց առաջիններէն մէկն է, ներողամիտ լինիլ եւ թէ վյրեժխնդրութիւնը ինչչափ որ քրիստոնէական սկզբանց դէմ էր, նոյնչափ եւ աւելի մեծ եւ վեհ սրտերու չէր վայլէր:

– Լաւ՛, հայր սրբազան, դուք Քրիստոսի եւ հայոց մեծ հայրապետին անունով զիս կը յորդորէք սիրոյ եւ խաղաղութեան, ես ալ, որ առջինին կը հաւատամ, եւ երկրորդը կը յարգեմ, յանձն կառնում վերցնել պաշարմունքը եւ թողուլ Լամբրոն քար գայթակղութեան Ռուբինեանց. միայն թէ դուք ալ, որ Լուսաւորչայ ցեղեն կ'իջնէք եւ նորա սուրբ աթոռին վրայ նստած էք զինուորի մը աստուածաբանական յորդորը չի մոռնաք, հայ եկեղեցուոյն փոքր դրօշակը անկախ պահեցէք, ինչպէս ես ազգային անկախութեան դրօշակը անկախ պահելու կը ջանամ: Հռոմկլայի եւ Լամբրոնի գաղափարաց մէջ նաեւ ազգակցութիւն մը ցաւօք կը նշմարեմ, վասնզի ինձ այնպէս կ'երեւայ թէ սխալ ճամփու մը կը հետեւիք թէ միացնել կ'ուզէք ձեր եկեղեցին յունականին հետ:

– Քրիստոսի եկեղեցին մի է, – ըսաւ Ներսէս, – եւ մեր պարտքն է ջանալ ի սէր եւ ի խաղաղութիւն բերել զամենքը:

Ես աստուածաբանական խնդիրներու չեմ մտնէր, բայց կը շռեցէք նախ եւ այնպէս գործեցէք. այս է իմ ըսելիքս:

Խաղաղութեան դաշինքները գրուեցան, Շնորհալին ինք եղաւ երաշխաւոր Օշնի, եւ Թորոս խոստացաւ, որ Գոհար տարուոյն մէկ մասը Լամբրոն անցընէ: Լաւ յարաբերութեօմեւք հաստատուեցին ընտանեաց մէջ, որ մինչեւ Թորոսի մահը տեւեցին:

ԳԼՈՒԽ ԻԷ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հոգեւորական իշխանութեան շարժմունքը այն միջոցին Թորոսի ախորժելի չէր: Գրիգորիս կաթողիկոսը բանագնացութեան վրայ էր յունաց Կիռ Մանուէլ կայսեր հետ, որ ժամանակին կրօնասիրական գաղափարաց եւ իր քաղաքագիտական օգտին հետեւելով, կը փափագէր միութեան հայ եկեղեցուոյն հետ: Իսկ Թորոս միութեան մէջ նախ սուզման վտանգ կը տեսնէր, երկրորդ հայ եկեղեցուոյն մէջ` եթէ ոչ բաժանմունք` գոնէ տարաձայնութեան վտանգ կը նշմարէր, անոր համար, Հռոմկլա սկսած եւ լինելիք կրօնական բանագնացութիւնքը վնասակար դատելովն ալ, այնչափ սիրելի եւ պատկառելի գտաւ իրեն հաշտարար դեսպան եկած անձը, որ համառօտ քանի մի խօսք միայն զրուցել բաւական համարեց, ինչպէս տեսանք, եւ ամենեւին այլ խնդիրով զբաղիլ չուզեց:

Մանաւանդ որ իր ծրագիրը ընդարձակ էր, եւ շարունակ պատերազմները հազիւ թէ ժամանակ ձգած էին իրեն իւր ժողովուրդը մեծցնել գաղթականութեամբ, որ յիրաւի կը հաջղեր, բայց ոչ ըստ իւր փափագանաց, ինք որ կը փափագէր Հայաստան մը ընել երկիրը, Հայաստան մը զօրաւոր եւ անթափանց բնութեան պարիսպներու եւ ծովու սահմանին մէջ պարփակեալ. ուստի կարծելով թէ ալ խաղաղութիւն գտած էր բաւական երկիրը, ոչ արտաքին թշնամուոյ եւ ոչ ներքին բանսարկութեան վտանգին ենթակայ էր, իր բոլոր գործունէութիւնը տուած այս իր դիտաւորութեան` կ'աշխատէր, կը շրջագայէր, նոր եկելոց կ'օգնէր, կը տեղաւորէր, չունեցողին կ'ուտար եւ ստացուածքի ապահովութեան կը հսկէր, եւ իր յոգնած մարմնոյն հանգիստ եւ զուարճութիւն` որսն էր, եւ քանի մը հազուագիւտ եւ իմաստուն անձանց տեսութիւնը:

Իր բոլոր զօրավարքը եւ ասպէտքը այն մարդիկն էին, որ իր Կիլիկիա ոտք կոխած օրէն թէ ու թիկունք եւան, պատերազմեցան հսկաներու պատերազմը: Յոյնը, թուրքմէնքը, սկիւթացին եւ արաբացին վանեցին, եւ Թորոս անոնց մէկուն աշխատութիւնը անվարձ չի թողուց, կամ բերդի, կամ դղեակի մը տէր էին, կամ կառավարիչք քաղաքի կամ աւանի. վերջապէս չի կար ոք, որ իր աշխատութեան վարձքը առած չլինէր. այն դժգոհները, որ քննադատութեան մոլութիւնն ունենալով երբեմն շտարունակ կը գանգտէին, ալ հիմա Թորոսին ըսածն ու ըրածը գերագոյն կը գտնէին առանց անգամ խորհրդածութեան, բաւական էր թէ նա հրամայած լինէր. եւ այս ոչ բռնաբար, այլ համոզմունք մը դարձած էր թէ ինչ որ նորա գլխեն կը ծնէր իմաստուն կշռողութեան հետեւանքն էր:

Միայն մէկ մարդ մը կար անուղղելի, որ գոհ պիտի չլինէր մինչեւ իր մահուան օրը, եւ այս մարդը այնպիսի անձ մ՚էր, որ իր քաջութեան եւ յանդուգն կորովոյն եւ Ռուբինեան սերունդեն լինելուն համար ոչ ոք կրնար դիմագրաւել, ահա այս մարդն էր, որու գլխեն անցած պատահարք, աղէտք ժամանակաւ օգուտ մը չէին ըրած իր խելքին. միշտ յանդուգն, միշտ անհանդարտ, միշտ անդուռն բերան, միշտ անխորհուրդ ի ձեռնարկութիւնս: Թորոս ձանձրացած էր իրեն դէմ եղած գանգատներէն, ժողովուրդը ձանձրացած` իրեն դէմ բողոքելէ. մանաւանդ որ ամէնը գիտէին թէ վիշտ եւ վէրք մ՚էր այդ եղբայրը իշխանին սրտին: Ուստի որք նորա շուրջն էին` կը ջանային անոր վրայ եղած գանգատներուն մէկ մասը ծածկելու. շատ անգամ իշխանին չիմացուցած Բաբկէն, Սարգիս, Թոռնիկ եւ մինչեւ Կոստանդին` անզգամ եւ անգութ գործերը կը պահէին, վասնզի գիտէին թէ Թորոսի սիրտն պիտի վշտանար: Գիտէին մանաւանդ, որ Ստեփանէի մահուանեն վերջը Մլեհի դարձը ի Կիլիկիա եւ եղբօրն հետ համակամ եւ միաբան շարժիլը եւ անոր եղբայրաբար վրիժառու շարժմունքը անտարբեր չէին երեւցած Թորոսի:

Ուրեմն այս վիճակին մէջ, երբ Բաբկէն եւ Թոռնիկ (որ շատ սիրելի եղած էր Թորոսի իր հայրենական եւ անձնական քաջութեանց եւ. ուղղութեան համար) անցեալին վրայ խօսելով ժամանակ կ'անցնէին Վահկայ բերդը, Սարգիս ներս մտաւ եւ նստաւ, բայց իր զուարթ բնաւորութիւնը իբրեւ թէ կորուսած էր այն օրը, նա որ միշտ ուրախ էր եւ միշտ զաւեշտր կը սիրէր:

– Հէ՜, տղայ, – ըսաւ Բաբկէն, – այսօր սգաւո՞ր ես, որ բերանդ չի բացուիր. մամուդ մեռնելուն տարեդա՞րձն է:

– Այն օրը չեմ գիտէր, Խաշի մեռելոց օրն երէկ էր, բայց ես ոչ մեռելն կը սիրեմ եւ ոչ մեռնիլը: Իմ սիրտս նեղութիւն կայ այսօր, բայց դուք ալ ուրախ մարդիկ չէք, որսի երթալու փափագ մը ունիմ այս սրտիս նեղութիւնը վանելու համար, ո՞վ ընկեր կայ, եւ ե՞րբ, ա՛յն տեսնենք:

– Դու ալ իշխանին պէս յոգնութիւնդ որսի աշխատութեամբ կառնուս. նա քսանեւչորս ժամ կ'աշխատի, կը վազէ, կը գրէ, գրել կ'ուտայ, ետքը որսի կը հեծնէ, յոգնութիւնը յոգնութեամբ կառնու. դու ալ այն խելքե՞ն ես: – Ես ծերացայ, տղայ, հիմա հազիւ թէ կ'ուզեմ շարժիլ:

– Պատերազմի համար ինչպէ՞ս ես, Բաբկէն հայրիկ:

– Պատերազմն ուրիշ է, հոն մարդու երիտասարդութիւնը քիչ մը ետ կը դառնա. փողին ձայնին արիւնը կը դառնա, սիրտը կեփի:

– Թէ որ դու այդպէս կ'ըսես, Մլեհ իշխանը ինչ կըսէ, որ երեք օր մարդու թապըլտկիլ իր սուրին կամ նիզակին հարուածին տակ չի տեսնէ` գիշերն ի բուն չի քնանար, – ըսաւ Թոռնիկ խնդալով:

– Մլեհ իշխանը… – ըսաւ եւ կեցաւ Սարգիս:

– Մի՛ կտրէր, լմնցուր խօսքդ, – զրուցեց Բաբկէն:

– Չեմ լմնցնէր, վասնզի թէ որ ես լմնցնեմ, դու աոաջինը կը լինիս բարկանալու:

Լռութիւն մը տիրեց, Բաբկէնի խոր աչքերը քիչ մը պզտիկցան, եւ շուրջ չորս կողմը զննելեն վերջը`

– Սարգիս, – ըսաւ, – դու այսօր ծանր մտածմունք ունիս, լեզուիդ տակն ալ գաղտնիք մ՚ունիս, այս դռնեն ներս մտնելեդ ի վեր կը փնտրիս, որ յայտնես եւ չես ուզէր. աստուած վկայ, թէ որ Թոռնիկ հոս չլինէր, ես մինակ որ լինէի` պիտի բանայիր, այդպէս չէ՞, շիտակ խոսէ:

– Եղբայր, թէ որ այդպէս է, ահա ես կ'երթամ, – ըսաւ Թոռնիկ ելնելով,

– Ո՞ւր, կեցի՛, – ըսաւ Բաբկէն թեւէն բռնելով եւ նստեցնելով, – որդեակ Սարգիս, ինչ որ ծանր բան ունիս ինձ զրուցելու, մի վախեր, Թոռնիկին ալ կրնաս ըսել. ես զինք լաւ ճանչցեր եմ:

– Ես անկից կասկած չունիմ, մեծ վստահութիւն ալ ունիմ. բայց պապերու առակ է` «Գաղտնիք երեք հոգիի մէջ գաղտնիք չեն, յայտնիք են»: Թոռնիկ, հոգիդ սիրես, մ՚առնուիր, նստէ, ես, Բաբկէն հայրիկ թէ չլինէր, քեզ պիտի զրուցէի. շփոթէր մնացեր եմ, խնդիրը ծանր է. իշխանին սիրտս չի տանիր, որ համարձակիմ բանալ:

Բաբկէն ուժով մը ձեռքեն քաշելով առաւ Սարգիս, բազմոցին ծայրը նստեցուց եւ կամաց ձայնով ըսաւ.

– Ի՞նչ է, զրուցէ, որդեակ Սարգիս, մենք երեքս մէկ հոգի ենք, ես մարդիկ լաւ կը ճանաչեմ, տէ զրուցէ՛:

Այս դիրքին մէջ երեք գլուխ իրարու մօտեցան, Թոռնիկին լայն եւ պարզ ճակատը, անկեղծ եւ մաքուր նայուածքը, Սարգսին սուր եւ կասկածոտ աչքերը, Բաբկէնի երկարն եւ ճերմակ յօնքերը, որ աչքերը գրեթէ կը ծածկէին, իրարու հակառակ դէմքերով զարմանալի միութիւն մը կը կազմէին այս երեք անձանց մէջ. Սարգիս սկսաւ իր գաղտնիքը պատմել.

– Քու առջեւդ էր, Բաբկէն, երբ իշխանը ինձի հրամայեց, որ Հալէպ երթամ, անծանօթ քաղաքը մտնեմ, իբրեւ վաճառական քիչ մը ապրանք առնում, աչքէ անցունեմ, իմանամ թէ ի՞նչ կընէ Նուրետտին, ի՞նչ կը խօսի ժողովուրդը, ի՞նչ շարժմունք կայ հոն, շաբաթ մը հազիւ կենամ ու դառնամ. կ'եցայ, նայեցայ, ապրանքներն ալ իշու մը վրայ բարձած, ես ալ դուրսեն մեր տղոցմէ մէկը մինակ հետս առած կը դառնայի: Արեգի վանքը հասայ, տղուն ըսի, որ կենդանին առնու բերդը տանի. ժամուան մը ճամփայ կար դղեակն հասնելու, եւ արեւն ալ իջնելու մօտ էր. մտայ անտառը, որ գետակին` մէջ լուացվիմ, ձայներ կային, կամաց-կամաց մօտեցայ. հինգ-վեց թուրքմէն նստած կին, ես թուրքմէն կ'ըսեմ, դուք աւազակ իմացէք, իրենց լեզուաւ կը խոսէին. ի՜նչ եղաւ զարմանքս, երբ մեր Մլեհ իշխանը ասոնց գլուխը տեսայ. «Չէ, կ'ըսէր ցուլի պէս մարդ մը, հազար ոսկի ալ տաս, ես այդ մարդուն վրայ չեմ քալէր. ո՛վ նորա վրայ կը քալէ, մահուան բերանը կը քալէ, այս աւանակները կ'ուզես համոզէ, տասնեւութը տաբու էի, Ռապանի ճամփան` երբ հինգ-վեց հազար հոգի մենք անոր փոքրիկ խումբին վրայ ինկանք, ողջ բռնել կը կարծէինք, այն պզտի խումբը կարծես մեծցաւ, շատցաւ, մեր արիւնը ջուրի պէս կը վազեր. այդ քու եղբայրդ վիշապ դարձաւ, ամէն մէկ շրջանին հաջն ու ձախ սուրը կայծակի պէս կ'իջնէր, ինկնողը ալ չէր ելնէր: Ես ծառի մը կռնակ կծկտած պահուած կը դողայի ու կը նայէի, մինչեւ որ կամաց մը ծառն ի վեր ելայ, անկից կը տեսնէի, տերեւի պէս կը թափէին ամէնքը անոր սուրին տակ. այն օրէն մինչեւ այսօր շատ պատերազմ տեսայ, շատ տեղ գտնուեցայ. ես այդ մարդուն պէս մարդ չի տեսայ. ո՛վ կուզէ, քեզ հետ թող երթայ, ես այդ գործին մէջ մատ չունիմ»: Եւ ահա սկսաւ Մլեհ բարձրաձայն խնդալ մարդուն վատութեան վրայ եւ ծաղրել. «Ածիլեցէք այս մօրուքները` կնիկ եղէք» ըսելն լսեցի ու տեսայ, որ ոտք ելաւ. անոնք ալ ոտք ելան. ես կամաց մը քաշուեցայ մտայ թուփերուն ետին, դարձայ եւ կը տեսնէի Մլեհ, որ կ'անցնէր դիւական ծիծաղ մը ձգելով այդ աւազակ թուրքմէններուն վրայ: Իրաւ, առուտուրն աւբուեցաւ, բայց այդ մարդը եղբօրը հօրը կը փորէ, գինովութեանը դուրս կ'ուտայ, օր մ՚ալ կելնէ (այնպէս բան մը կընէ, որ մեր բոլորին ու ազգին գլուխը ձիւն կը բերէ: Ես այս տեսածս ու լսածս իշխանին պատմելու չեմ համարձակիր, չամանչեմ, անոր համար քեզ ըսելու եկայ. դու մեր ծերն ու խելօքն ես, ի՞նչ ընեմ… մանաւանդ թէ ի՞նչ ընենք. ահա Թոռնիկին ալ երեսին գոյնը դարձաւ:

Եւ իրօք ազնուական երիտասարդին երեսը ճեպ-ճերմակ կտրեցաւ. ճակատը մարգրտի պէս քրտնեցաւ եւ սրտին զարնուացքը քովինները կրնային լսել թէ ուշադիր լինէին, եւ չի կրնալով դիմանալ` առանց բերանը բանտելու ելաւ եւ սկսաւ սենեկին մէջ վեր-վար պտըտիլ:

Բաբկէն անշարժ-անխռով մտիկ ընեղէ վերջը, աչքերը գոցած իբրեւ թէ քուն կը լինէր, եւ ձայն չէր հանէր, յայտնի է թէ կը մտածէր:

Իսկ Սարգիս, երբ բաւական սպասեց, ալ համբերութիւնն հատնելով`

– Եղբարք, – ըսաւ, – ես ձեզի բան խօսեցայ, մէկերնիդ արձան եղաք անշարժութեան, միւսնիդ նստիլը մոռցաք. տէ խօսեցէ՛ք, այս անզգամը ո՜յ գիտէ ի՜նչ կը նիւթէ հիմա եղբօրը դէմ:

– Հիմա նա նստած հովանոցը, իր օղիին շիշը կը պարպէ, ես որ գալուս հոնկից կ'անցնէի` տեսայ. մեղք որ իշխանին եղբայրն է, ես ալ քեզի պէս չեմ համարձակիր մարդու զրուցել այդ վատ դաւը` ո՜ւր մնաց եղբօրը, – ըսաւ Թոռնիկ:

– Ուրեմն ի՞նչ ընելու է, – կ'ըսէր Սարգիս, Բաբկէնի դառնալով:

– Ի՞նչ ընելու է… – ըսաւ Բաբկէն, – ի՞նչ պիտի ընեմ, կենամ, որ անկարծելի ժամանակ այդ անզգամ խենթը ազգին տունը փլցնէ. հիմա իշխանը ուր որ է կ'ուգայ, առջի խօսքս իրեն այս պատմութիւնը լինի, դուք ալ մի հեռանաք, որ եղելութիւնը տեղն ի տեղ յայտնէք:

Սենեկին մէջ երկար լռութիւնն որ տեւեց` միայն ձիոց սմբակաց ձայն են ընդհատեցաւ, իշխանն էր, որ կը դառնար: Բաբկէն, որ նորա երեսը գիտէր կարդալ մէկ աչք նետելուն, սանդուխին գլխեն երկու ասպետաց, որ քովն էին` «Ափսոս, – կ'ըսէր, – այս երեկոյ, որ իշխանը զուարթ է, պիտի դառնացնենք զինքը, տեսէք Կրակին պարանոցը կը շոյէ, ձիասպասին հետ կը խօսի…», բայց Բաբկէն կ'ուշացնէր իր խօսքը. «Կերակուրը հանգիստ ուտէ, իշխանիկս, – կ'ըսէր ինքնիրեն, – քիչ մը ժամանակ ալ անցնի»: Երբ կ'երակուրեն ելան, եւ տեսաւ, որ Թորոս իր սենեակները պիտ քաշուէր, ա՛լ Բաբկէն ելաւ դիմացը կանգնեցաւ: Երբ այն կեցուածքը տեսաւ իշխանը, որ նոյնպէս իր ծերուկին ամէն շարժմանց նշանակութիւնը գիտէր, շուտ մը իմացաւ թէ ծանր բան մը կայ:

– Խոսէ՛, Բաբկէն Հայրիկ, շուտ ըրէ, դու կարեւոր բան մը ունիս ինձ իմացնելու, ի՞նչ է:

– Մլեհ իշխանն է դարձեալ, տէ՛ր:

– Նոր յիմարութիւն մը:

– Յիմարութեանց վատթարագոյնը:

– Ի՞նչ, – ըսաւ Թորոս ընքուիները իրարու կպցնելով:

– Քեզ. կուզէ սպաննել:

– Ո՞վ է տեղեկացեր, – ըսաւ քննող աչք մը նետելով Սարգսի եւ Թոռնիկի վրայ, որք մէկ կողմ կայնէր էին առաջնին նայելով իբրեւ յանցաւոր:

– Սարգիս տղայ, պատմէ ամէն բան, – ըսաւ Բաբկէն:

Երբ Թորոս անշշունջ մտիկ ըրաւ ամէն բան.

– Գիտես, Բաբկէն հայրիկ, – զրուցեց, – Ստեփանէ կասկածով մը տասն ամիս բանտարկեցի, սրտիս վէրք է այդ գործս, իրաւ Մլեհ Ստեփանէ չէ, բայց դարձեալ խելքին փչածը դուրս կ'ուտայ, աւեչի կը խօսի, քան թէ կընէ. ասոնք ամէնքը պէտք է մտածել, ետքը շարժիլ:

– Տէր իմ, – ըսաւ Բաբկէն բարկութեամբ, – գոնէ ինձ հրաման տուր, որ պէտք եղած զգուշութիւններն ընեմ:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս ծիծաղելով, – քեզի հրաման` առանց դուրսը ձայն տարածելու եւ առանց զիս անհանգիստ ընելու գիտցածդ ընել:

– Միայն Թոռնիկ քեզ անձնապահապետ լինի, գոնէ զայն կընդունի՞ս:

– Լաւ՛:

– Ես Սարգսի հետ մնացած զգուշութիւնները կը հոգանք:

– Լաւ՛, լաւ՛, լաւ՛, Բաբկէն հայրիկ, գիտցածդ ըրէ, բաւական է թէ ինձի գանգատ չի հասնի:

– Հոգ մ՚ընէր, իշխանիկս:

Եւ երբ Թորոս գնաց քաշուեցաւ, մեր երեք բարեկամները իրարու երես կը նայէին:

– Ալ իշխանին կեանքը ուղղակի քեզի յանձնուած է, Թոռնիկ:

– Առաջ աստուած, – ըսաւ քաջ երիտասարդը, որու պայծառ կերպարաքին վրայ սրտին մաքրութիւնը կը փայլէր, – ես ոտքս հետքեն չեմ զատէր, ինք ուր է` տունս ալ թող հոն լիսի:

– Ապրի՛ս, որդեակ: – Իսկ մենք, Սարգիս, ա՛լ Մլեհ ուր երթա, ինչ ընէ` մեզի բան գործ ընենք:

– Լաւ՛, – ըսաւ Սարգիս, – եւ երեքն ալ գնացին իրենց սենեակները պառկելու:

Ա՛լ Թոռնիկ անբաժանելին եղաւ Թորոսի, իր յատկութիւնքը անոր քով աւելի կատարելագործեցան: Բայց շատ անգամ կը տեսնուէին Թորոսի քով երկու դեռահաս երիտասարդք, Ռուբեն եւ Լեւոն, որոնց սգաւոր մայրը Պապեռոնէ զիրենք կը բերէր իրենց հօրեղբօրը Վահկայ բերդը. թշուառ Ստեփանէ երկու զաւկներուն կերպարանքը կը վկայէին արդէն թէ Ռուբինեան զարմին շառաւիղք էին: Հօր գութ եւ սէր թէպէտ ունէր Թորոս երկուքին վրայ հաւասարապէս, բայց Բաբկէն, որ գուշակութեան ձիրքն ունէր, «Սա պզտիկը հօրեղբօրը տեղ բռնելու յոյս կ'ուտայ, Ռուբեն հօրը զաւակն է, Լեւոն հօրեղբօրը ելած է»: Եւ իրօք, տղան դիտող բնաւորութիւն եւ մեծ համակրութիւն ունէր հօրեղբօրը, ամէն բերնեն ելած խօսքերուն ուշադրութիւն կ'ուտար, երբ Ռուբեն զուարճութիւնը ամէն բանէ աւելի կը սիրէր:

Քանի մը ամիս անցած էր Սարգսի այն դիպուածեն վերջը, երբ Թորոս օր մը որսի պիտի ելնէր Պեռամոյ ակունք ըսուած տեղը, յանկարծ երկինք մթնցաւ, եւ սոսկալի փոթորիկ մը արգիլեց «վաղը մեր որսը», ըսաւ Թոռնիկին, եւ երկրորդ առաւօտուն հեծաւ որսի, ինչպէս իր սովորութիւնն էր` կանուխ, չորս-հինգ հոգի միայն կային հետը: Իրեն ընկերացած էր նաեւ Լեւոն եղբօրորդին: Հազիւ թէ ձիերը ձգեցին, եւ իրենք սկսան ցրուիլ այծամներու խումբ մը պաշարելու համար, ահա Թոռնիկ, որ Լեւոնի քովն էր, նոյն միջոցին կանգ առաւ` «Ետեւես եկո՛ւ» ըսաւ եւ ճամփան փոխելով շիտակ դէպի այն (կողմը սրացաւ, ուր արշաւէր էր Թորոս, վասնզի գինուց փայլ մը կարծեց նշմարել այն կողմը, եւ իրօք, երբ քիչ մը յառաջացաւ` տեսաւ, որ չորս-հինգ սպառազէն Թորոսը շրջապատէր էին. իսկ նա այս յանկարծակի յարձակումը տեսնելով` մեծ ծառի մը բունին կռնակը տուած պաշտպանողական դիրքի մը մէջ անխռով կը դիտէր զինք պաշարողները, եւ դեռ Թոռնիկ չի հասած, իր ահագին Լեւոնեան սուրը շողաց, եւ երկու թշնամի սուրեր օդի մէջ թռան. ճիշտ այն միջոցին Թոռնիկ հասնիլն ու սուրի հարուածով անզգամներուն մէկը գետինը ձգելն մէկ ըրաւ. Լեւոն այն միջոցին իր եռանդուն տարիքին ձայնին միշտ լսելով` առանց սպասելու` քիչ մը հեռուն կեցած բարձրահասակ մարդ մը տեսնելով, որ սաղաւարտին դիմակովը ծածկուած` սուրը ձեռքը աւելի հանդիսատես կ'երեւէր եւ հրամանատար, յարձակեցաւ անոր վրայ, որ ճանճ մը վռնտելու պէս երիտասարդին սուրը կանգուններով հեռու նետեց եւ առանց քայլ մը առնելու, իր պատերազմողներուն վրայ կը նայէր անշարժ արձանի մը պէս, որոնք Թորոսի եւ Թոռնիկի հարուածներուն տակ կը կործանէին իրարու վրայ, եւ երբ տեսաւթէ չորս-հինգ հոգի արդէն ընկած էին եւ երկու-երէք ալ ծանր վտանգի մէջ, ետին դարձաւ` ցատկեց ահագին խրամ մը, եւ սկսաւ ժայռոտ ու մացառուտ լեռն ի վար ցատկել, բայց հազիւ թէ ութ-տասը քայլ վազած` երեք հոգի դիմացը արձանացան. Սարգիս իր երկու եղբայրներով` «Մէկդի՜», ըսաւ զրահաւորը հաստ, կամաց եւ անխռով ձայնով մը:

– Մէկդի՜… – ըսաւ Սարգիս, – ե՞ս, դաւաճաններու առջեւեն, ո՛վ որ լինին` սովորութիւն չունիմ փախչելու, թո՛ղ զէնքդ եւ անձնատուր եղի՛ր:

Այս խօսքերուն պատասխան` սոսկալի սուրի երկու հարուած ընդունեցաւ իրարու վրայ Սարգիս, ոչ միայն սուրբ ձեռքեն թռաւ, այլ նաեւ ձախ ուսին վրայ վիրաւորեցաւ. իր երկու եղբարք նոյն միջոցին վրէժխնդրութեան ոգուով յարձակուեցան զրահաւորին վրայ, բայց իրենց հարուածները ոչինչ էին այն մարդուն եւ իր զրահներուն դէմ, որ իբրեւ թէ կը ծիծաղէր. երբ Սարգիս առանց սուրի մնացած եւ թէպէտ վիրաւոր` բայց իր զարմանալի արագութեամբ եւ իբր թէ գետնեն սողալով մտաւ նորա սրունգներուն մէջ, եւ քաջը յերկիր կործանեց. կռիւը, որ լմնցած կը կարծուէր նորա ինկնալով` վայրկենին նորոգուեցաւ, վասնզի նա ժամանակ չի տուաւ եւ ի քթթել ական, ոտքի վրայ էր դարձեալ եւ պատրաստ իր երեք թշնամիները կործանելու, որոնք սատանայի մը, քան թէ մարդու հետ գործ ունենալ սկսան կարծել եւ ետ-ետ երթալ: Այս միջոցիս Թորոս, Թոռնիկ եւ Լեւոն վրայ հասան, եւ երբ նա վեց սուր իր վրան տեսնելով, անխռով, ճիշտ նոյն դիրքին մէջ, որու մէջ քիչ առաջ Թորոս կը գտնուէր, կռնակը ապահովցուցած` չի կրնալով համբերել «Հա՛, յարձակեցէք, տեսնեմ, թէ որ քաջ էք», պոռաց մեծ ձայնով, եւ ամէն զինք շրջապատողք իրարու երես նայեցան` Թորոս սուրը գետինը յեցած, ծանր ձայնով

– Մլե՜հ, – կանչեց, – թող զէնքդ, մեծ եղբայրդ եւ իշխանդ է, որ քեզ կը հրամայէ:

Մեծ եղաւ ամէնուն զարմանքը. այս խօսքերը հազիւ թէ լսուեցան` կարծես թէ աներեւոյթ զօրութիւն մը սանձահարեց զրահաւորը, սուրը խոնարհեցաւ եւ ձեռքեն ինկաւ, եւ երկու ձեռքն ամփոփելով կուրծքին վրայ կեցաւ:

Жанры и теги
Возрастное ограничение:
12+
Дата выхода на Литрес:
30 июня 2017
Объем:
260 стр. 1 иллюстрация
ISBN:
9781772467963
Правообладатель:
Aegitas
Формат скачивания:
epub, fb2, fb3, html, ios.epub, mobi, pdf, txt, zip

С этой книгой читают

Новинка
Черновик
4,9
161