Читать книгу: «Թորոս Լեւոնի», страница 10

Шрифт:

Սենեկին դուռը բաց էր, երբ այս խօսքերը զրուցուեցան` Աւագին գլուխը ներս երկնցաւ նոյն վայրկենին, եւ իր երկու բոցի պէս աչքերը իւր սեւացեալ երեսին վրայ փայլեցան նստողներուն աչքին. դաժան երեսով եւ սպառնալից ձայնով այս խօսքերն արտասանեց.

– Օրիո՛րդ, մեր գունդին կամքն այս է, որ կամ հիմա յանձն առնուս ամէն իշխանութիւն, կամ թէ ոչ, որոշ յայտնես, եւ մենք գիտենք ընելիքնիս:

– Թէ որ միաբան այդ որոշմունքը ունիք մէջերնիդ, թէ որ միաբան իմ ամէն հրամանացս պիտի հնազանդիք, ինչպէս հօրս միշտ կը հնազանգէիք` լաւ՛, կընդունիմ. բայց թէ որ իմ անունիս քօղին տակ ամէն անկարգութիւն պիտի տիրէ, ես գիտեմ հօրս ետեւեն երթալու ճամփան:

– Մի՛ վախեր, մենք ամէնքս կեցէր ենք, քու խօսքերդ Աստուածամօր խօսքի պէս պիտի ընդունուին. հոգ մ՚ընէր, Օրիո՛րդ:

– Մենք կեցէր ենք հոս ամէնքս, – ըսին տասը ձայնը, որ դուրսը կեցած էին եւ որոց ոմանց գլուխները կ'երեւար` ոչինչ պակաս ահարկու, քան զաւագինը:

– Հրամայէ ուրեմն, իշխանուհիդ, – ըսաւ Աւագ, – որ երեւաս մեր զօրականին:

– Վայրկեան մը ինձի ժամանակ տուէք, – ըսաւ խեղճ աղջիկը արցունքը սրբելով, եւ վրան սեւ հագուստ մը ձգեց, ու ետքը միայն իր Մարտիրոսը առած իջաւ վարի գաւիթը, ուր բոլոր զինուորները ժողովուած իրեն կը սպասէին:

Հոն, Աւագ Օրիորդին կողմանէ եղած պատասխանը հաղորդեց, այն ատեն գաւիթը թնգաց, վասնզի «Կեցցէ՜ մեր իշխանուհին» բառերը երեք հարիւր բերան որոտացին: Օրիորդն ալ քանի մը բառով յորդորեց զիրենք, որ երթան հանգչին եւ իրեն ալ ժամանակ տան, որ կարէնայ հանդարտիլ եւ գիտենա թէ ինչ պիտի ընէ: Զինուորները իրենց խշտիները քաշուեցան: Օրիորդը ծանրածանր եւ մտախոհ կ'երթար իր սենեակը պարադաներուն դառնութեանը վրայ խորհրդածելով եւ առաջադրելով, որ այս վիճակեն ազատած օրը իր փափագած կուսանաց վանքը քաշուի անդանդաղ: Միւս կը սղմեն կը կշռէր վիճակը, կը տեսնէր թէ անկարելի էր դէմ դնել այսպիսի անկարգ աւազակներով Թորոսի պէս թշնամուոյ մը առջեւ, ուստի կը մտածէր թէ ի՞նչ դաշինքներով կարելի էր պատուով ազատել ընտանիքը, եւ այս խորհրդածութեամբ յուզեալ հազիւ թէ առաւօտեան դէմ մրափ մը առաւ իր անկողնին վրայ նստած եւ արշալոյսին հետ արթնցաւ:

Առաւօտուն Սմբատայ մարմինը դիապատեցաւ, սենեկի մը մէջ դրուեցաւ Օրիորդին հրամանաւ: Ընտանիքը ժողովքի կանչեց եւ անոնց միտքը հարցուց, բայց անոնք տեսաւ թէ ահաբեկեալ` ազատիլ միայն այն վիճակեն կը փափագէին եւ ամէն բան իրեն կը թողնէին: Ուստի առանց ժամանակ կորսնցնելու ձի մը պատրաստել` քանի մը ծեր զօրագլուխներուն իրեն հետեւիլ եւ միջնաբերդին դուռը բանալ հրամայելով` ուզեց որ իմացնեն Թորոսի թէ պատգամաւոր պիտի գար խաղաղութիւն խօսելու:

Բոլորովին սեւեր հագած, սեւ ձիու մը վրայ հեծած, տխուր եւ դիմացը նայելով` մազերնին ճերմկցած, արեւեն սեւցած զինուորներէ շրջապատեալ կ'երթար իշխանուհին, եւ բոլոր քաղաքը, որ արդէն զինքը կը ճանչէին եւ կը յարդէին, գիտենալով թէ հօրը սգաւորն էր, աւելի ակնածութիւն կը ցուցնէին. կանայք դաները եւ տանիքները կը լցուէին տեսնելու համար զինքը` «Աստուած զքեզ մխիթարէ, աստուած զքեզ օրհնէ, աստուած քեզի երկայն օրեր տա» ձայները ետեւեն կը հասնէին: Ոչ միայն զարմանալի էր Սմբատայ մահուան լուրին տարածուիլը բոլոր քաղքին մէջ, այլ նաեւ ժողովրդեան կրից ներողամիտ լռութիւնը, որ թէպէտ լի էր ատելութեամբ նորա յիշատակին դէմ` այլ թշուառ եւ առաքինի աղջկան մը ականջին ծանր եւ նախատանաց բառ մը չի լսեցուց: Երբ քաղքին դռնեն ելաւ Օրիորդը եւ բանակին մօտեցաւ, տեսաւ խումբ մը հետեւակ մարդիկ, որ իրեն կ'ուգային, առաջնորդները իմացուցին թէ իշխանը անձամբ կ'ուգար զինքը դիմաւորելու. մէկեն Մարգրիտ իջաւ ձիեն: Թորոս մօտենալով եւ ողջունելով, կրկին-կրկին հրաւիրեց դարձեալ ձի հեծնել մինչեւ վրանները. իսկ Օրիորդը հրաժարելով հետի կը քայլեր իրեն հետ լռութեամբ, մինչեւ որ հասան իշխանական վրանը, ուր Եւփիմէ եւս պատուով ընդունեցաւ զպատգամաբերը:

Մարգրիտ այն ընտրեալ եւ արտաքոյ կարգի բնաւորութիւններէն էր, որոնց լռութիւնը, նայուածքը, շարժմունքը նաեւ` կը խօսի եւ կարտայայտէ հոգուոյն կատարելութիւնքը, եւ նոյն բնութեան վիճակեալ անձինք իրար շուտ կը հասկնան: Այնպէս ալ հոս հիմա Հանդիպեցաւ. Թորոս ու Եւփիմէ վայրկենին ճաւնչեցին Օրիորդին բարձր բնութիւնը, ինչպէս նա ալ զանոնք ճանչեց եւ դատեց:

Քանի մը վայրկեան լուռ կ'ենալեն վերջ, Թորոս յարկ համարեցաւ խօսքը բանալու.

– Ազնիւ իշխանուհի, ձեր այսպիսի պատգամաւորութիւնը պատիւ կը համարիմ եւ կը փափագիմ, որ այնպիսի առաջարկութիւններ ընէք, որ առանց արեան կաթիլ մը թափելու կարէնանք խաղաղութիւնը կնքել եւ. այս կռիւը, որ եղբայրասպան կրնայ համարուիլ` վերջացնենք:

– Ո՜վ մեծ իշխան, – պատասխանեց Մարգրիտ, – ես պայման չեմ բերածդ հոն` ներսը, ընտանիք մը կան, որ իրենց սուգին մէջ` դաշնադրաց պայմաններու վրայ մտածելու վիճակի մէջ չեն. ձեր իմաստութիւնը կրնայ նրեւակայել` ես չեմ երկայնաբաներ. ձեր վեյանձնութիւնը ինչ որ կամի` պատրաստ եմ ստորագրել, միայն թէ ձեր սրտեն, եւ ոչ մեր վարմունքեն` կը խնդրեմ, որ թելադրէք:

– Ես ներսի միջնաբերդին ընտանեաց վիճակեն եւ սրտիս վեյանձնական թելադրութենեն աւելի առաքինութեան տիպար մ՚ունիմ առջեւս, ուրեմն, նա հիմա թող հրամայէ եւ երաշխաւորէ, որ ասկից վերջը մարդասիրութեան օրէնքներ միայն պիտի կառավարեն Անարզաբան, ես իմ ժառանգական բոլոր իրաւունքներես կը հրաժարիմ եւ բանակիս կը հրամայեմ հիմա, այս վայրկեանիս ասկից հեռանալ:

– Այսչափ վեյանձնութեան եւ այսչափ մարդասէր առաջարկութեան պէտք էր, որ ես ուրախութեամբ յանձնառութիւն ցուցնէի, եւ դժբախտաբար պիտի չի կարէնամ. ո՜վ եմ ես, որու երաշխաւորութիւնը այնչափ արժէք ունենա. թշուառ աղջիկ մը պատրաստ է սիրով եւ սրտանց աշխարհես հրաժարելու եւ այս պաշտօնը միայն քանի մը անմեղ անձանց ապագային համար յանձն առած է:

– Բայց ես իմացայ թէ բոլոր զօրականաց եւ ընտանեաց միաբան ընկերութեամբ ձեզի կատարեալ յաջորդական իշխանութիւն տրուէր է, եւ դուք ընդունէր էք:

– Այո՛, ընդունէր եմ, որպէսզի ինչչափ որ կարելի է, մարդկային արեան հեղեղներ կարէնամ արգիլել եւ անկարգութիւններ սանձահարէի միմիայն ասոնց համար:

– Լաւ՛, իշխանազուն Օրիորդ, ես իմ պայմաններս զրուցեցի, ձեզի կը մնա ձերիններն ինձ հաղորդել:

– Իմիններս չափաւոր են եւ գոհացուցիչ մեր վիճակին եւ մեր անցեալին համար: Ա. փոխարէն Անարզաբայ` մեր հայրենի Պապեռոնի դղեակը շնորհուի, ուր եղբայրս իր ընտանեօք եւ մայրս բնակին ու ապրին` իրենց ամէն ստացուածքը հոն փոխադրելու իրաւունք ունենալով: Բ. մինչեւ ցայսօր հօրս ծառայող զինուորները իւրաքանչիւրն իրենց աստիճանաւ ընդունուին ձեր բանակին մէջ ծառայելու պայմանաւ:

– Միայն բան մը մոռցաք. ձեր անձին համար բան մը, չորոշեցիք:

Շատոնց որոշած էր վիճակս` թէ որ թշուառ հօրս կամքը արգելք չլինէր. ուրեմն, հիմա աստուած ի՜նչ տնօրինած է, թող կատարուի:

Այս խօսակցութեան երկու հոգի միայն ներկա էին. Եւփիմէ եւ Ստեփանէ: Ամէնն ալ այս ազնուական աղջկան պարզ համարձակութեան վրայ կը զարմանային, վասնզի իւր որոշմունքը յայտնի կ'երեւար, եւ այդ չաշխարհիկ ծաղկին թառամիլը տխրութեամբ կը լեցնէր զիրենք:

– Ճշտենք ամէն պայմանները, – ըսաւ Թորոս: – Ա. Անարզաբայ միջնաբերդը ինձի պիտի յանձնուի: Բ. Ես ձերայնոց` հոս մօտիկ` Պապեռոնի ամուր բերդը պիտի տամ, որու հիմա բանալիները ինձի րերուեցան: Գ. Ձերայի՜նք իրաւունք ունին ամէն ինչք եւ ստացուածք առնուլ եւ ելնել: Դ. Ո՛վ որ ձեր հայրենի զինուորաց յանձն առնու իմ ծառայութեանս մտնել իւրաքանչիւրն իւր աստիճանաւ ընդունելի լինի:

– Ե… – ըսաւ եւ կեցաւ Թորոս, առանց շարունակելու: Օրիորդը ուշադրութեամբ սպասեց եւ երբ տեսաւ, որ չէր խոսէր` ըսաւ.

– Խիստ դաշինք մը կ'երեւայ թէ ձեր վեյանձնութիւնը կարգիլէ:

– Դուք դատեցէք, Է. Անարզաբայ քաղքին կառավարութիւնը եւ եկամուտը Մարգրիտ իշխանուհուոյն կը վերաբերի յաջորդաբար:

Այս խօսքերը լսելուն, կարմրութիւն մը պատեց Օրիորդին երեսը եւ պատասխանեց.

– Ո՛վ մեծ իշխան, ձեր հինգերորդ դաշինքը ձեր սրտին վեյանձնութեան արդիւնքն է, ես իբրեւ կատակ մը կը լսեմ. արդէն նա, որ աշխարհք կը ձգէ առանձնութեան եւ աստուծոյ համար, ոչ ժառանգութեան պէտք ունի եւ ոչ յաջորդութեան: Դարձեալ ձեր մեծութիւնը պէտք է գիտնա թէ ես շատ ուշացայ հոս եւ սիրտս հանգիստ չէ, վասնզի հոս ինչ որ կը խոստանամ չգիտեմ թէ ազատ պիտի լինի՞մ հոն բերդի մէջ գործադրելու:

– Առջի ըսածներուդ վրայ իբրեւ հին եւ բազմամեայ բարեկամ մը կը խնդրեմ եւ կը պահանջեմ, որ արտորնօք որոշմունք մը չընէք. ես թէ որ անհոգանամ` ապահով եմ, որ հոս ուրիշ մը կայ, որուն ձեռքեն չէք կրնար ազատիլ, – ըսաւ Թորոս Եւփիմէի նայելով, որ գլխով ըրածը կը հաստատէր. – իսկ վերջի ըսածնիդ կը խնդրեմ մեկնել, վասնզի չեմ կրնար հասկնալ:

Այն ատեն Մարգրիտ վրանին դռանը աչք մը ձգեց. Թորոս զինքը ապահովցուց թէ մէկը չի կար իրենց խօսքը մտիկ ընելու համար. ուստի Օրիորդը բերդձապահ զօրականին նկարագիրը ըրաւ համառօտիւ եւ պատմեց թէ ինչպէ՞ս իր ներկայութիւնը միայն բոլոր գիշեր կրցեր էր զիրենք հանդարտեցնել: Թէպէտ այս պատմութիւնը` իր գովասանութեան մասին շատ համառօտ էր, բայց իրերը եւ վիճակը այնչափ յայտնի էին, որ ամէնքը զարմանքով լեցուեցան եւ Թորոս, որ բաւական սրամիտ էր մասեն ամբողջը գտնելու համար, ոտքի վրայ ելաւ եւ ձեռքը տալով Օրիորդին`

– Ի՛նչ պարագայի եւ ի՛նչ վիճակի մէջ որ գտնուիք հիմա, վաղը եւ ապագային, կը խնդրեմ եւ պարտաւորութիւն կը ձգեմ ձեզ ինձի դիմել, եւ ես ձեռքես եկածը թէ որ չընեմ, յանցաւոր եմ առաջի աստուծոյ: Ահա եղբայրս` Ստեփանէ, եւ կինս` Եւփիմէ վկայ լինին իմ երդմանս: Արդէն ես հիմա քաղաքապահ զօրաց հրաման կ'ուղարկեմ, որ ձեր ամէն ակնարկութեանց հնազանդին իբրեւ ինձի:

– Թէ որ հրաման ընէք, – ըսաւ եղբօրը Ստեփանէ, որ մինչեւ այն վայրկեանը բերանը չէր բացէր այլ խորին ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր եղբօրը եւ Օրիորդին խօսակցութիւնը, – ես ալ կը նկերանամ իշխանուհուոյն եւ ինչ որ յարկ տեսնէ, կը գործադրեմ:

– Շատ լաւ կը վինի, եղբայր իմ, միայն թէ ինք ինչ որ հրամայէ` այն մինակ ի գործ դիր:

– Այո՛, այդպէս:

Եւ ահա պատգամաւոր խումբը ճամփայ ելաւ, եւ Թորոս մէկ-երկու անգամ յանձնարարելով Ստեփանէի զգոյշ լինիլ, եւ ընկերանալով նոցայ մինչեւ բանակին մուտքը` ետ դարձաւ:

– Ի՞նչ կը մտածես Եւփիմէ, – ըսաւ Թորոս, – Սմբատի պէս գազանի մը այս հրեշտակ զաւկին, թէ որ բոլոր Անարզաբայ բնակիչը եւ գործքերը չի վկայէին թէ իմաստութիւն եւ առաքինութիւն անձնաւորեալ է ի նմա` չէի հավտար:

– Շատ լաւ եղաւ, որ Ստեփանէ ներկա էր այս խօսակցութեան, – ըսաւ Եւփիմէ, ուրախ ժպիտով մը, – թէ որ մեր երկուքին վրայ այնչափ ազդեցութիւն ըրաւ Օրիորդին հոգուոյն եւ դէմքին գեղեցկութիւնը, ի՞նչ կը յուսաս Ստեփանէի վրայ:

– Թէ որ Ստեփանէ ուզէ, եւ Մարգրիտ յանձն առնու, ասկից յարմար եւ օգտակար բան մը չեմ կրնար երեւակայել ու փափագիլ. Ստեփանէ այն ատեն ապահով մերն է:

– Ինչ ըսել կ'ուզես, չեմ հասկնար:

– Այն կ'ուզեմ ըսել, որ իմ այս երկու եղբայրներս, որոնց քաշութեան եւ կորովին համար կասկած ունենալ կարելի չէ, դժբախտաբար մեզի հետ գերի չէին եկած Պոլիս, այլ աստանդական, բարբարոսաց մէջ, զուրկ ամէն բարոյականէ, ամէն կրօնական սկզբունքէ, ամէն ուսմունքէ, ամէն բարի օրինակէ, իրենց փափուկ տարիները անցուցեր են սուր եւ նիզակ շարժէլով` հաջ ու ձախ շահատակելով եւ ամէն անգթութեանց, ոճիրներու մասնակցելով: Մլեհի համար ես յոյս չունիմ, վստահութիւն չունիմ, ինք կորսուած երիտասարդ մ՚է: Ստեփանէի համար կը մտածէի, հիմա թէ որ այս դիտողութիւնդ ստուգուի, այսպիսի կին մը ինչ որ իրեն կը պակսի` կը լեցնէ, եւ ես այս ծանր գործիս մէջ, որուն դեռ սկիզբն ենք, աջ բազուկս գտած կը լինիմ եւ դժուարութեան մը տեղ, օգնութիւն մը կ'ունենամ:

– Դու անհոգ եղիր, այս գործը ի՛մս է, եւ ես կը խոստանամ ի գլուխ հանել:

– Ինչ դիւրութիւն որ ուզես, իմ կը սղմես ամէնն ալ քեզի կ'ուտամ. Անարզաբան արդէն ես Օրիորդին ժառանգութիւն համադրեցի, դու կ'ուզես օժիտ համարէ, կ'ուզես սեփականութիւն. Ստեփանէ իրմով գերագոյն կին մը եւ դաստիարակ մը կ'ունենայ, եւ իր զաւկներուն ալ սքանչելի մայր մը:

– Ուրեմն անոնց ետեւեն ես ալ քաղաք կ'երթամ:

Եւփիմէ ելաւ Բաբկէնին հետ հանարզաբայ երթալու, երբ Թորոս իր անբաւ զբաղմանց հետ սկսաւ պարապիլ:

ԳԼՈՒԽ ԺԹ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Յարմար եւ ճիշտ ժամանակին հասաւ Մարգրիտ Անարզաբայ միջնաբերդը եւ իրեն կասկածները արդէն այդ սրիկայ եւ անզգամ զինուորաց համար շատ իրաւացի էին, վասնզի ոմանք մէջերնեն սկսած էին մտածել թէ կարելի չէ՞ր արդեօք իշխանուհուոյն ընտանիքը պատանդ ունենալով ձեռուընին` Սմբատայ բոլոր ստացուածքը իրենց գրաւել եւ այնպէս իրենց օգտակար դաշինք մը դնելով յանձնել թշնամուոյն միջնաբերդը: Սակայն իր ներկայութիւնն ամէն այդ խորհուրդները հալածեց եւ ամէն գրգռութիւն հանդարտեցուց. առանց ժամանակ տալու, միջնաբերդին դռանը տիրեց Ստեփանէ, եւ Ռուբինեան խաչի դրօշը սկսաւ ծածանիլ փոխանակ յունական դրօշին, որ բոլոր քաղքին եւ բանակին ուրախութեան աղաղակը իմացուց Թորոսի:

Նոյն միջոցին էր, որ Մարգրիտ կ'իմացնէր մօրը եւ եղբօրը, թէ իրենց համար շնորհուած կար Պապեռոն, եւ անոնք մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին այս պայմանը եւ սկսան իրենց փոխադրութեան պատրաստութեան: Միայն թէ երբ սրբազանը միջնաբերդեն դուրս ելաւ, քահանայ եւ ժողովուրդ միաբան դատախազ կ'այնեցան եւ խնդրեցին, որ օրինաւորապէս դատուի եւ մինչեւ նոյն ժամանակ եպիսկոպոսարանը արգիլուի, եւ Թորոս հաւանեցաւ կաթողիկոսին գրել ի Ծովք դղեակը, որպէսզի ժողովրդեան արդար պահանջը կատարուի: Մենք աւելորդ կը համարինք անարժան եւ գայթակղեցուցիչ եպիսկոպոսի մը վրայ դառնալ, որ ըստ իւր անառակութեան արժանեաց` վանքի մը մէջ ապաշխարելու դատապարտեցաւ. երանի թէ իր զղջումն ալ սրտանց լինէր, որպէսզի հանդերձեալ կենաց մէջ երկրորդ եւ մեծ դատապարտութենէ մը ազատ լինէր:

Իսկ Մարգրիտ, որ որոշած էր` ոչ այլոց բռնադատութեամբ, այլ իր կամօք եւ փափագանոք հեռանալ հաշխարհէ եւ չի գործած մեղքերուն համար ապաշխարել, պարտաւորեցաւ Եւփիմէի ու Ստեփանէի աղաչանաց զիջանիլ, եւ քանի մը ամիս վերջը Անարզաբայ եւ անկայուն վիճակի մը դատապարտեալ էր ամէն ոք. հոս գերի ժողովուրդ մը, անդին աղատ էր եւ տէր. ճիշտ այս ժամանակին Համար էր գուշակութիւնը` «Եարիցեն ազգ ազգի վերայ եւ թագաւորութիւն ի թագաւորութէան վերայ». Եւրոպա իր հրոսը Փոքր Ասիոյ եւ Պաղեստինու վրայ կը պարպէր, եւ թաթարաց խուժանը կը յորդէր կասպիականին ետեւեն. հին ազգութեանց արմատներ կը ցնցուէին. նոր ազգութիւնք կ'ընձիւղէին. քաղաքներ եւ ամրութիւնք կը տապալէին, նորեր անոնց տեղ կը բուսնէին: Այս վիճակը կը տեսնէր Թորոս եւ կը մտածէր իր շինութեան հաստատ հիմ մը ձգել:

Ինք կը տեսնէր Կիլիկիա, ուր ամէն ազգաց խառնուրդ մը կը բնակէր, յոյն, արաբ, թուրք, հայ, ասորի ցիրուցան իրենց որջերը շինած էին: Բիւզանդական կայսրութիւնը իսքգինքը տէր կ'անուանէր երկրին, թէպէտ շատ տարիներէ ի վեր իր իշխանութեան ոչ միայն հիմունքն խախտեալ էին, այլ նաեւ երեւոյթն անգամ կ'անյետանար. արարք առջի հարուածը տուած էին նոյն իշխանութեան, եւ անոնց տկարանալեն վերջը շարունակ պատերազմի դաշտ մը եղած էր երկիրը այս զանազան ժողովրդոց մէջ: Իր ջանքն եղաւ իր ազգը, որ ցրուած էր ի Փոքր Ասիա, հասորիս, ի Միջագետս եւ մինչեւ հեգիպտոս, գաղտնի հրաւիրակներով ժողուել ի Կիլիկիա եւ զօրացնել, մանաւանդ որ կը տեսնէր վտանգը, որ ամէն կողմէ իրեն կը սպառնար, իր դիտող, հեռատես եւ խոհուն սրամտութիւնը շատ հեռու էր այն անհոգութենեն, որ եղած յաջողութեանը վրայ կը քնանայ եւ զուարճութեան ու թուլութեան կը մատնէ ինքզինքը:

Ուստի քանի մը ամսուան մէջ ոչ միայն իր հայրենական երկրին տէրն էր Թորոս, այլ երջանիկ, գոհ ու զուարթ ժողովրդեան մը հայրն էր, նա, որ երբեմն միայնակ իբրեւ հովիւ Սեւ լեռան խորամիտները այծերու հետ չափեր էր հետի, հիմա շատ անգամ փոքրիկ բայց ընտիր գունդ մը առնելով բոլոր Տորոսի բերդերուն, աւաններուն, զիւղերուն անխոնջ այցելութիւն կ'ընէր` ամէն թան անձամբ կը տեսնէր, կը քննէր, ամէն տեղ յանկարծական գինուց հանդէսներ կ'ընէր, դատաւորներու եւ իրաւարարներու վրայ տեղեկուքիւն կառնուր, անիրաւները կը պատժէր, քաջերն ու առաքինիները կը վարձատրէր, աւերակները կը շինէր` կը բնակեցնէր. ամէն տեղ ժողովրդոց ապաստաններ կը պատրաստէր, եւ միանգամայն խստիւ կը պատուիրէր թշնամի չի գրգռել` չի զարթուցանել այնպիսի ժամանակ եւ այնպիսի դրացնութեամբ, ուր բարեկամ գտնել անհնարին էր, իսկ թշնամին միշտ ինքնայորդոր ի պատրաստի: Երբ իր անհամբեր եղբարքն ու զօրավարք կը ցուցնէին իրեն Կիլիկիոյ լայնարձակ դաշտերն լի հարստութեամբ անպատսպարան որս ամենայն յարձակմանց, երբ Մլեհ իրմէ կը խնդրէր ութ հազար զինուոր միայն տիրելու համար Տարսոնի եւ մինչեւ ի ծով` Թորոս անուշ ժպտով մը կը պատասխանէր.

– Ես քու քաշութեանդ վրայ վստահ եմ, Մլեհ, եւ կը հաւատամ, որ դու աւելի պակաս զօրքով կրնաս յաղթել ոչ միայն Տարսոնի, այլ մինչեւ Սելեւկիոյ ալ տիրելու, եւ թէ որ չեմ ուզէր` միմիայն պատճառը այն է, որ հոս, այս փոքրիկ զօրութեամբ յունական թէեւ վատթարացեալ` մեծատարած կայսրութեան դէմ պատերազմիլ եթէ անկարելի ալ չէ, շատ դժուարին է: Ասոր փորձը մեր հայրը ունեցաւ երբեմն, եւ մենք ալ իրեն հետ շղթայներու, գերութեան եւ օտարին ծառայութեան մատնուեցանք տարիներով: Հիմա որ աստուած մեզի ողորմեցաւ` մեր պարտքը մեր ժողովուրդը զօրացնել եւ աղէկ կառավարելն է: Օգնենք իրարու, սիրենք մէկզմէկ, ըլլանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի, զօրացնենք, շատցնենք մեր ժողովուրդը, բնակինք լեռները, ուր մեր ցուրտ երկրին բնիկ հայը կորովի եւ քաշ կը լինի. օրը հեռու չէ, որ դաշտը մերինն է, դիանանք համբերել եւ մեր փառասիրութիւնը չափաւորել:

Այս խօսքերուն պատասխան չէին տար Մլեհ եւ իր նմանիքը, այլ առանձին գանգատներ եւ լուտանքներ կը թափէին անոր դէմ, որ իբր թէ կորովի բազուկներ կը ջլատէր եւ եռանդուն սրտեր կը սառեցնէր իր խոհեմութեան քարոզնեւրովն:

Շատ անգամ կը տեսնուէր Մլեհ Վահկայ բերդին մօտ փոքրիկ հովանոցի մը մէջ իր մտերիմներէն շրջապատեալ, խնջույից եւ գիներբուաց տուած ինքզինքն, որ եղբօրը դէմ կ'որոտար, մանաւանդ այն միջոցներուն. երբ Թորոս օրերով իր քննութեանց կը պտրտեր:

– Տեսէ՛ք այս իշխանաց իշխանը, որ սուրհանդակի պէս լեռնե-լեռ կը վազվռտէ. ի՞նչ ընելու համար հոս տասը-քսան տուն գիւղացիներու հետ խօսելու, համոզեւու համար ճղճիմութեամբ, անդին դատաւորի մը վճիռն անիրաւ գտնելու համար, քիչ մը հեռուն ժայռ մը պարսպով պատելու համար, եւ աւելի հեռուն եկեղեցի մը շինել տալու համար, եւ ասոնք ընողը այն մարդն է, որուն խիստ կերպարանքը, կամաց ձայնը եւ ծանր-ծանր խօսակցութիւնը եւ ձեւը` իշխանաց, ազատաց, ազնուականաց եւ ինձի` իր հարազատ եղբօրն անգամ, սանձ մ՚է ոչ թէ վիճելու այլ խօսելու նաեւ: Ստեփանէի հմար ի՞նչ զրուցեմ. ազուն գլխուն այնպէս կախարդ կին մը հանեց, որ ոտքով-ձեռքով կաշկանդեցաւ եւ եղբօրը կապիկը դարձաւ. ի՛նչ որ զրուցես, ի՛նչ որ առաջարկես, «Մեր մեծ եղբօրը պէտք է հարցնել, անոր հաւանութիւնը պէտք է առնել» կըսէ եւ կնկանը երեսը կը նայի, երես մը, ուր օր մը ժպիտ չէ ծագած. լուրջ կերպարանք մը, որ իբրեւ թէ միշտ աստուծոյ սեղանին առջեւն է: Ես` եղբայրը, ես` իր այնչափ տարուան ընկերը, խնջոյքի մը զինքը չկըրցի հրաւիրել. կինը հրաման չի տար, ի՛նչ որ առաջարկես` մէկ մը աչքը կնկանը կը դարձնէ, բան մը կը հարցնես` կնկանը կը նայի. առանց կնկանը հրամանին ոչ կուտէ, ոչ կը խմէ եւ ոչ Անարզաբայ պարիսպներէն դուրս կելնե… բայց մի կարծէք թէ կախարդը միայն հանարզաբայ է. չէ՛, կախարդին մեծը այս դիմացի մեր Վահկայ բերդը կը բնակի. այս հայ-հոռոմ կինը տեսա՞ք, որ միշտ կը ծիծաղի, միշտ անուշ կը խօսի, միշտ խօսքդ կատակի կը դարձնէ, միշտ հագուած սգուած ծիրանիներով, բեհեզներով կը պտըտի, ճշմարիտ կախարդը նա է. աստուած վկայ, քանի անգամ ես կռիւ փնտրելու համար գացի, ծանր, խիստ խօսեցայ, նա կարծես թէ ոչ իրեն համար, ոչ էրկանը համար էր խօսքերս ժպտեցաւ, ծիծաղեցաւ, մրմնջեց, երգեց, վերջապէս յուսահատեցայ, առի քալեցի: Եղբարք, ես այս կեանքին չեմ սորուած, նստէ՛, նստէ՛, նստէ՛, սպասէ՛, որ աստուած պատերազմ մը ղրկէ, որ կռվփս: Եթէ կարող ես, գնա գեղ մը, երկու բարեկամիդ հետ, հաճոյքիդ եկաւ գառնուկ մը մորթել հրամայէ, երկրորդ օրը կ'իմանաս թէ լուրը եւ հաշիւդ ալ մէկտեղ եղբօրդ հասեր է: Ինչպէ՜ս կախարդ չըսեմ ես այս մարդկանց, անուշ-անուշ առջի օրէն քեզի հետ կը խօսին, քոյր եղբայր կը լինին քեզի, հայրենի ժառանգութեան խօսք չեն ընէր, հայրենի բերդդ ահա կեցած է, նահապետական կեանքը գեղեցիկ է, եղբայրներ մէկտեղ բնակին` վայելուչ է, – սուրբին մէկն է ըսէր, այս կախարդները` սատանային ալ, հրեշտակին ալ կարդալ կը սորուեցնեն. պէտք եղածը առ ինչչափ ուզես իշխանական գանձեն, մի՛ քաշուիր. նոյն գանձը կը վճարէ հեծելազօրիդ թոշակն ու ռոճիկը. բայց զինուորական ատեան մը կայ, որ քու մարդիկդ կը դատէ, կը դատապարտէ, կը պատժէ առանց քեզի հարցնելու, շատ անգամ ոչինչ պատճառներու համար. ալ անկից վերջը միտքդ դիր, որ քու մարդիկդ քուկդ են. Անարզաբան Ստեփանէին որ տուին, այն յիմարն ալ կարծե թէ իրենն է, օտարին թշնամուոյն աղջկանը տուին… ըսէք թէ` առ քու բաժինդ, ուզէ. գեղացիին տղուն ինչպէս բերդ մը տուին, քեզ ալ թան մը կուտան… ծովասպատակին հաւասար եղիր. դու` Ռուբենի շառաւիղը: Դու, որ իշխան մ՚ես, դու Ռուբենի թոռը, պէտք եղաւ, յարկ եղաւ գեղացի մը յանդիմանել, պատժել, ծեծել. երկրորդ օրը իշխան եղբօրդ քիթը կախ, ընքուիները քթին ծայրը իջած կը տեսնես. շաբաթ մը ժանիք կայ, ի՛նչ բանի համար, ուսկի՞ց, ժանտերես մ՚ալ կայ, ծառայ մը մեր տղայութեան ատեն` հիմա բերդակալ իշխան դարձած անոր բերանը փնտրէ, քարէ մարդու բերան, շնորհք ընէ մէկ մ՚որ խօսի` կ'իմանաս թէ մեծ յանցանքը ո՛ւր է եղել: Ես Հալէպու ամիրային քով շատ մեծ մարդ էի, երբ ձիս կը հեծնէի կ'ելնէի, ամէնքը կը դողային. հոս արտի մը մէջ կոխես` անպիտան քոսոտ գեղացի մը` «Հոս արտ է, իշխանս, անղիեն անցիր» կըսէ. քու պարտքդ այնչափ ցածեն ելած հրամանին չհնազանդիլն է, խուլ ըլլալ չի լսելէ է. առկայ կը կրճտեցնէ ետեւեդ: Այս է վիճակը, աստուած համբերութիւն տա՜… ամէն օր համբերութեան քարոզ մտիկ կընենք… բայց թէ անոր Թորոս կ'ըսեն, ինձի ալ Մլեհ կ'ըսեն: Օրը թէ մէկ մը հասնի՜…

Այս ձեւով` այս կերպով խօսքեր միշտ անպակաս էին: Եւփիմէ անոնք կը լսէր` երբեմն Թորոսի կ'իմացնէր, որ իրմէ առաջ իմացած արդէն կը ժպտեր, անհոգ լինիլ կը յորդորէր, թէպէտ ինք ամենայն արթնութեամբ կը հսկէր, եւ այս տեսակ սպառնալեաց անհոգ ձեւանալով` ժողովրդեան հարստահարութեան մասին միայն խիստ կերպարանք մը կառնուր:

Իրաւ գոհ էր Ստեփանեն, մանաւանդ երբ Մարգրիտ նորա գլխուն վերեւն էր` կատարեալ իշխան էր նա. Անարզաբայ բնակիչք, որ Սմբատայ ժամանակ այնչափ հարստահարեալ էին, Կիլիկիոյ ամենեն երջանիկ ժողովուրդը կը համարուէին հիմա, գանգատ մը ամենեւին չէր լսուէր, ոչ իշխանին, ոչ դատաւորաց, ոչ հարկահանաց եւ ոչ եկեղեցականաց դէմ. վասնզի ժողովուրդը բողոքելու անձ մը ունէր պատրաստ. ամէն ոք եւ ամենեն ողորմելին մատնանիշ միջնաբերդը կը ցուցնէր, եւ «Տիկինը հոն է» կ'ըսէր, եւ այս սպառնալիքը ժողովուրդը անխտիր ամէնուն կը գործածէր, բաւական էր թէ իրաւունք ունենալուն վրայ վստահ լինէր: Եւ զաւեշտական մասը հոն էր, երբ միամիտ եւ տգէտ մարդ մը` սխալ համոզմամբ, առանց իրաւունք ունենալու դիմէր Տիկնոջ, եւ նա երբ` «Դու իրաւունք չունիս» ըսելով ճամփեր, Մարգրիտի անսխալականութեան վրայ ընդհանուր այնպիսի համոզմունք մը կար, որ նոյն անձը պարզաբար կը խոստովանէր իր սխալմունքը, վասնզի Տիկինն «իրաւունք չունիս» ըսէր էր:

Մարգրիտի սիրտը միշտ կը տրոփէր, երբ տագրը իրեն այցելութեան գար, վասնզի Թորոս սովորաբար ամբաստանութիւն մը ունէր` գրեթէ միշտ` այն Հալեպեն Ստեփանէի հետ եկած հեծելազօրին անկարգութեանց համար: Որ թէպէտ շատ փոխուած էին Տիկնոջ հսկողութենեն եւ Ստեփանէի խստութենեն, բայց գրեթէ կատարեալ աւազակութեան եւ անառակութեան սովրած մարդիկ` նեղ կը գտնէին Կիլիկիան, եւ Հալէպու յիշատակը` Եգիպտոսի սոխն ու սխտորն էր իրենց փափագանաց:

Թորոսի գաղափարներն իր ընթերցմունքը նաեւ շատ փոխած էին զինուորութեան վրայ, եւ արեւելքի մէջ ընդհանուր եղած սովորութիւնը, որ արեւմուտք նաեւ այն ժամանակը ընդունած էր` բանակի զօրութիւն հեծելագնդին համարելու, ինք սկսած էր փոխէի հետեւակ զօրքը կրթութեամբ եւ զինուք կը կատարելագործէր, որով իշխանաց զօրութիւնը կը տկարանար եւ իրենց գոռոզութիւնը կ'ոչնչանար, բայց պատերազմ մը պէտք էր, որ Թորոսի այս կարծիքը ապացուցաներ. իսկ նա համբերել դիանալով, ամէնուն հետ աղէկ վարուելով` միշտ աչքն արեւմուտք դարձուցած կը սպասէր, ամիսները կը համրէր եւ ուրախութեամբ կը տեսնէր, որ կայսրը ձայն-ձուն չունէր, եւ գոհ էր նորա շատ զբաղած լինելուն Եւրոպիոյ կողմերը ընդդէմ Ունկարաց եւ Պուլղարաց:

Жанры и теги
Возрастное ограничение:
12+
Дата выхода на Литрес:
30 июня 2017
Объем:
260 стр. 1 иллюстрация
ISBN:
9781772467963
Правообладатель:
Aegitas
Формат скачивания:
epub, fb2, fb3, html, ios.epub, mobi, pdf, txt, zip

С этой книгой читают

Новинка
Черновик
4,9
166